ՀԱՊԿ-ի մէջ յայտարարած են, որ Հայաստանը կը մնայ կազմակերպութեան անդամ

Հաւաքական Անվտանգութեան Պայմանագրի կազմակերպութիւնը (ՀԱՊԿ), անդրադառնալով Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի՝ կազմակերպութենէն երկրի հնարաւոր դուրս գալու մասին վերջին յայտարարութիւններուն, կը կարծեն, որ Երեւանը կը մնայ  կազմակերպութեան լիիրաւ անդամ։

«Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ այս մասին կը յայտնէ ՏԱՍՍ-ը՝ յղում կատարելով ՀԱՊԿ քարտուղարութեան յայտարարութեան։

«Մենք կը կարծենք, որ չնայած ՀԱՊԿ միջոցառումներուն Հայաստանի Հանրապետութեան մասնակցութեան նկատելի նուազումին, Հայաստանի Հանրապետութիւնը կը մնայ կազմակերպութեան լիիրաւ անդամ»,- ընդգծած են ՀԱՊԿ քարտուղարութենէն։

ՀԱՊԿ-ի մէջ ուշադրութիւն հրաւիրած են նաեւ Հայաստանի արտգործնախարար Արարատ Միրզոյեանի պարզաբանումներու վրայ, ըստ որուն՝ Փաշինեանը նկատի չէ ունեցած, որ Հայաստանը դուրս կու գայ ՀԱՊԿ-էն։