ՀԱՊԿ-ը հայ-ատրպէյճանական սահմանին հակամարտութիւններու մեծ հնարաւորութիւն կը տեսնէ: Ըստ կառոյցին՝ իրավիճակը կարգաւորելու համար անհրաժեշտ է խաղաղութեան պայմանագիր։
Այս մասին ճեպազրոյցի ժամանակ յայտարարած է ՀԱՊԿ միացեալ շտապի պետ, զօրավար գնդապետ Անտրէյ Սերտյուքովը։
«Կը ճշդուին առանձին պետութիւններու փորձերը՝ ամրապնդելու սեփական դիրքերը Հարաւային Կովկասի մէջ, ստանալու հասանելիութիւն Կասպից ծովի միջոցներուն եւ ապահովելու իրենց ուղղակի ելքը Կեդրոնական Ասիա։ Անոր համար աշխուժօրէն կ’օգտագործուի, այդ շարքին՝ հայ-ատրպէյճանական սահմանի բարձր հակամարտային ներուժը։ Իրավիճակի հետագայ կարգաւորման հարցով կարեւոր է պահպանել խաղաղութեան համաձայնագրի կնքման անհրաժեշտութիւնը», ըսած է Սերտյուքով:
Անոր խօսքով՝ Արեւմուտքը կը փորձէ ազդելու Պաքուի եւ Երեւանի յետհակամարտային կարգաւորման վրայ՝ հակառակ անոր, որ Հայաստան կ’անդամակցի ՀԱՊԿ-ին։