Ըստ թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարին Թուրքիան կ’աջակցի Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման: «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընի հետ զրոյցի ընթացքին յայտնած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան:
Ֆիտան իր ամերիկացի պաշտօնակիցին հետ քննարկած է Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթը եւ խաղաղութեան բանակցութիւնները:
«Մենք ամերիկեան կողմին ըսինք, որ Թուրքիան կ’աջակցի երկու երկիրներուն միջեւ կնքուած խաղաղութեան համաձայնագիրին եւ կարելին կ’ընէ, որպէսզի փաստաթուղթը ստորագրուի: Միացեալ Նահանգները նոյն դիրքորոշումը ունին: Մենք համոզուած ենք, որ շրջանին մէջ կարգաւորումը կը բխի ինքնին շրջանի շահերէն», ընդգծած է Ֆիտան: