Վերջերս, Եւրոպայի խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) ձմեռնային նստաշրջանի լիագումար նիստին հայաստանեան պատուիրակութեան նախագահ Հերմինէ Նաղտալեան ընտրուեցաւ ԵԽԽՎ փոխնախագահ: Aravot.am-ի տեղեկութիւններով՝ Նաղտալեանը Վեհաժողովին կողմէ Երկուշաբթի՝ 25 Յունուար 2016-ին, ընտրուած 20 փոխնախագահներէն մէկը: 20 փոխնախագահներու շարքին են Հոլանտայի, Գերմանիոյ, Վրաստանի, Թուրքիոյ, Հունգարիոյ ներկայացուցիչները:
Նշենք, որ Հերմինէ Նաղտալեան այս պաշտօնին վրայ պիտի մնայ մինչեւ յաջորդ նստաշրջան: