Հինգ Հայ՝ Ֆրանսայի Պատուոյ Լեգէոնի Շքանշանակիր

Ֆրանսայի Պատուոյ Լեգէոնի շքանշանին արժանացած է հինգ հայ: Ըստ աղբիւրին՝ երկուքը ֆրանսահայ պատմաբաններ են` Անահիտ Տէր-Մինասեան եւ Ռայմոնտ Գէորգեան: Տէր-Մինասեանը Սորպոնի համալսարանի եւ Հասարակական գիտութիւններու բարձրագոյն դպրոցի դասախօս է: Ուսումնասիրութեան առարկան Հայաստանի, հայկական հարցի, Անդրկովկասի մէջ ազգային յարաբերութիւններու պատմութիւնն է: Գէորգեանը հեղինակած է «Հայոց Ցեղասպանութիւն` ամբողջական պատմութիւն» աշխատութիւնը, որ սկզբնապէս հրատարակուած է Ֆրանսայի մէջ` 2006 թուականին: Գրքին մէջ լայնօրէն օգտագործուած են Նուպարեան գրադարանի արխիւային նիւթերը: Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Օլանտի` 2015-ի Դեկտեմբեր 31-ի հրամանագիրով այդ շքանշանին արժանացած են նաեւ Սերգէյ Նազարեանն ու Անտրէ Ետիքարտաշեանը:

2015-ի Սեպտեմբերին շքանշանի արժանացած էր Սորպոնի դասախօս Մարք Մուղալեանը: Ան կրցած էր փրկել Ամսթերտամ-Փարիզ արագընթաց շոգեկառքի ուղեւորները:

Ֆրանսայի ազգային շքանշանը սահմանուած է Նափոլէոն Պոնափարտի կողմէն 1802 Մայիս 19-ին, անգլիական ասպետական շքանշանին օրինակով:

Յիշենք, որ շքանշանով կը պարգեւատրուին Ֆրանսայի համար տարբեր ոլորտներու մէջ մեծ աւանդ ունեցող անձինք: