Հինգ տարեկան «Տաթեւեր» ճոպանուղիէն օգտուած է շուրջ 430 000 ուղեւոր

«Տաթեւեր» ճոպանուղին արդէն հինգ տարեկան է: Հինգ տարի առաջ, 2010 թուականի Հոկտեմբեր 16-ին գործարկուեցաւ աշխարհի ամենաերկար յետադարձ ճոպանուղին` անցնելով Որոտանի կիրճի վրայով եւ հնարաւորութիւն ընձեռելով Հալիձորէն Տաթեւի միջնադարեան վանական համալիր հասնիլ կարճ, յարմարաւէտ օդային ճանապարհով:

Գործարկումէն ի վեր ճոպանուղիէն օգտուած է շուրջ 430 000 ուղեւոր, միայն այս տարուան ինը ամիսներուն` շուրջ 90 հազար այցելու: Մինչեւ ճոպանուղիի կառուցումը տարեկան Տաթեւ այցելողներուն թիւը չէր գերազանցեր 7 հազարը: Այս մասին կը յայտնեն «Հայաստանի զարգացման նախաձեռնութիւններ» (IDeA) հիմնադրամի հանրային կապերու բաժինէն:

Հինգ տարիներու ընթացքին ճոպանուղին իւրօրինակ խթան դարձած է տարածաշրջանի զարգացման համար: Զբօսաշրջային հոսքերու աճը նաեւ նպաստած է համապատասխան ենթակառուցուածքներու զարգացման. վերջին հինգ տարուան ընթացքին Գորիսի մէջ բացուած է 10 նոր հիւրանոց, վանական համալիրի յարակից համայնքներուն մէջ կը գործեն շուրջ երկու տասնեակ հիւրատուներ, սպասարկման այլ կառոյցներ:

«Տաթեւեր» ճոպանուղին նաեւ տեղի բնակիչներուն համար աշխատատեղերու, գիւղմթերքի իրացման, զբօսաշրջային առաջարկներու մշակման նոր հնարաւորութիւններ ստեղծած է: Ճոպանուղիի շուրջ 60 աշխատակիցներուն մեծ մասը տեղացիներ են:

«Ճոպանուղիին շնորհիւ Տաթեւը դարձած է Հայաստանի ամենահետաքրքրական զբօսաշրջային ուղղութիւններէն մէկը եւ իր առանձնայատուկ տեղը ունի զբօսաշրջային գործակալութիւններու փաթեթներուն մէջ: Անիկա նաեւ կը նպաստէ հանրապետութեան «հարաւային միջանցք» ուղղութեան զարգացման, քանի որ դէպի Տաթեւ ուղեւորուող զբօսաշրջիկները ճանապարհին կանգ կ՛առնեն Խոր Վիրապ, Նորավանք, Արենի եւ Զօրաց քարեր, կ՛օգտուին մատուցուող տարբեր ծառայութիւններէ», – նշած է «Տաթեւի վերածնունդ» ծրագրի ղեկավար Հայկ Թութունջեանը:

«Տաթեւեր»-ու առաջին յոբելեանի առիթով կազմակերպուած ձեռնարկի ընթացքին «Տաթեւի վերածնունդ» ծրագրի ղեկավար Հայկ Թութունջեան շնորհակալագիրներ յանձնած  է զբօսաշրջային ընկերութիւններու ներկայացուցիչներուն` համագործակցութեան եւ Տաթեւը` որպէս զբօսաշրջային ուղղութիւն զարգացնելու գործին մէջ ունեցած ներդրման համար:

«Մենք նաեւ մեծ ուշադրութիւն կը դարձնենք ճոպանուղիի սպասարկման ու միջազգային չափանիշներուն համապատասխան ծառայութիւններու ներդրման: Գարնան ներդրուած էր աշխարհի մէջ լաւագոյններէն մէկը համարուող` SKIDATA ընկերութեան տոմսերու վաճառքի միջազգային համակարգը, իսկ ամրան, զբօսաշրջային ամենաաշխոյժ շրջանին, գործարկուեցաւ տոմսերու վաճառքի առցանց համակարգը` էապէս դիւացնելով տոմսերու ձեռք բերման գործընթացը»,- նշած է «Տաթեւեր»-ու տնօրէն Վահէ Բաղդասարեանը` ընդգծելով, որ ճապանուղիի աշխատակիցներուն համար մշտապէս վերապատրաստման դասընթացքներ կը կազմակերպուին` մասնագիտական հմտութիւններու բարձրացման նպատակով:

«Տաթեւեր» ճոպանուղին կառուցուած է «Հայաստանի զարգացման նախաձեռնութիւններ» (IDeA) հիմնադրամի «Տաթեւի վերածնունդ» ծրագրի ծիրէն ներս: Անիկա արձանագրուած է Կինեսի գիրքին մէջ` ոչ միայն որպէս աշխարհի ամենաերկար յետադարձելի, այլեւ որպէս ամենակարճ ժամանակահատուածին (10 ամիս) կառուցուած ճոպանուղի: