Ռուսաստանի Դաշնութեան հարաւային հատուածէն մեծ թիւով հայ երիտասարդներ, որոնք երկար ժամանակ է կը բնակին այնտեղ, կու գան Հայաստան` զինուորական ծառայութիւն իրականացնելու համար:
Ըստ Armenpress.am-ի՝ այս մասին Ազգային ժողովի խորհրդարանական լսումներուն ժամանակ յայտնած է ՀՀ արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Սերգէյ Մանասարեան` նշելով, որ ատիկա նաեւ իրենց կողմէն իրականացուող հիւպատոսական հաշուառման շնորհիւ է: Ան նկատած է, որ երիտասարդներուն վերադարձը կախուած է նաեւ նստավայր երկրի օրէնսդրութենէն ու քարոզուող արժէքներէն:
Անդրադառնալով Հայաստանի եւ այլ երկիրներու միջեւ իրաւապայմանագրային դաշտին՝ ԱԳ փոխ նախարարը նշած է, թէ անիկա թոյլ կու տայ բնականոն գործունէութիւն ծաւալել:
Սերգէյ Մանասարեան նշած է, որ զինուորական ծառայութեան մասով իրենց աշխատանքները կ՝իրականացնեն Զինապարտութեան մասին օրէնքի 4-րդ եւ 5-րդ յօդուածներով: Մասնաւորապէս, դիւանագիտական ներկայացուցչութիւնը կամ հիւպատոսական հիմնարկը զինկոմիսարիատէն ստացած նիւթերուն համաձայն պարտաւոր է տուեալ քաղաքացին կանչել դիւանագիտական ներկայացուցչութիւն, փոխանցել ծանուցագիրը, ինչպէս նաեւ տեղեկացնել ապագայ ծառայութեան մասին:
«Բացի այդ, եթէ հիւպատոսական տարածքում յայտնւում է զինապարտ քաղաքացի, ով ունի հիւպատոսական հաշուառում, մենք պարտաւոր ենք տեղեկացնել զինկոմիսարիատին, նաեւ պարտաւոր ենք աջակցել այդ քաղաքացուն տեղափոխուել Հայաստան ու անցնել պարտադիր զինուորական ծառայութիւն»,- նշած է փոխ նախարարը:
Ան յայտնած է, որ որոշ փոփոխութիւն կատարուած է հիւպատոսական հաշուառման գործընթացին մէջ. անիկա պարտադիր եւ վճարովի բնոյթէն դարձած է կամաւոր եւ անվճար: Բացի այդ` կայ օրէնսդրական նախաձեռնութիւն, որմով հիւպատոսական հաշուառումը կը նախատեսուի իրականացնել ելեկտրոնային եղանակով: