ՀՀ ԱԳՆ. «ՀԱՊԿ-ի աշխատանքներուն մասնակցութիւնը սառեցնելու առնչութեամբ ՀՀ դիրքորոշումը փոփոխութեան չէ ենթարկուած»

Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան աշխատանքներուն մասնակցութիւնը սառեցնելու առնչութեամբ Հայաստանի դիրքորոշումը չէ փոխուած։

«Արմէնփրէս»-ի հետ զրոյցի ընթացքին այս մասին ըսած է ՀՀ ԱԳՆ մամուլի խօսնակ Անի Բադալեանը՝ անդրադառնալով ՌԴ ԱԳ նախարար Սէրկէյ Լաւրովի հետ ՀԱՊԿ անդամ երկրներու՝ Ռ. Դաշնութեան մօտ հաւատարմագրուած դեսպաններու հանդիպման, որտեղ մասնակցած է նաեւ ՌԴ-եան մօտ Հայաստանի դեսպան՝ Գուրգէն Արսէնեանը։

«ՀԱՊԿ-ի աշխատանքներուն մասնակցութիւնը սառեցնելու իմաստով ՀՀ դիրքորոշումը փոփոխութեան չէ ենթարկուած»,- «Արմէնփրէս»-ի հետ զրոյցի ընթացքին նշեց Բադալեան:

Ռուսաստանի արտաքին գործերու նախարար Սէրկէյ Լաւրով Նոյեմբեր 13-ին հանդիպած է Ռուսաստանի մէջ ՀԱՊԿ անդամ երկրներու դեսպաններու հետ։  Հանդիպման մասնակցած է նաեւ ՌԴ-եան մօտ ՀՀ դեսպան Գուրգէն Արսէնեանը։

Հայաստանը վերջին շրջանին չէ մասնակցած Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան շրջանակներուն տեղի ունեցած միջոցառումներուն։

Աւարտին յիշենք, որ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան 2024-ի Փետրուարին յայտարարած էր, որ Հայաստանը գործնականօրէն սառեցուցած է մասնակցութիւնը ՀԱՊԿ-ին։ Ան նշած էր, որ ՀԱՊԿ-ը չէ կատարած Հայաստանի նկատմամբ պարտաւորութիւնները, որը առանց հետևանքներու չէր կրնար մնալ։