ՀՀ ԱԶԳԱՅԻՆ ԺՈՂՈՎԻ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ՄԵՐԺԵՑ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ՀՐԱԺԱՐԱԿԱՆԻ ՀԱՐՑՈՎ ԱՐՏԱԿԱՐԳ ՆԻՍՏ ԳՈՒՄԱՐԵԼՈՒ ՄԻՋՆՈՐԴՈՒԹԻՒՆԸ 

Ազգային ժողովի խորհուրդը մերժած է կառավարութեան հրաժարականի եւ նոր կառավարութեան ձեւաւորման օրակարգով արտակարգ նիստ գումարելու ընդդիմութեան միջնորդութիւնը։

Խորհրդարանի ընդդիմադիր «Հայաստան» եւ «Պատիւ ունեմ» խմբակցութիւնները ԱԺ-ի խորհուրդին միջնորդութիւն ներկայացուցած էին կառավարութեան հրաժարականի ու նոր կառավարութեան ձեւաւորման ուղերձի պահանջով արտակարգ նիստ գումարելու համար։ Եթէ խորհուրդը կը մերժէ ընդդիմադիր խմբակցութիւններու միջնորդութիւնը, Ազգային ժողովի կանոնակարգ օրէնքին համաձայն, 5-րդ աշխատանքային օրը, այսինքն՝ 17 Յունիսին, օրէնքի ուժով կը գումարուի Ազգային ժողովի արտակարգ նիստ։

Խորհրդարանի խորհուրդի նիստին կը մասնակցէին ընդդիմադիր երկու խմբակցութիւններու ղեկավարները՝ Սէյրան Օհանեան եւ Հայկ Մամիջանեան: Ինչպէս Սէյրան Օհանեան նշեց, նիստի ընթացքին իրենց միջնորդութիւնը մերժելով իշխանութիւնը որեւէ հիմնաւոր պատճառ չէ նշած:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ որո՞նք պիտի ըլլան իրենց հետագայ քայլերը՝ հաշուի առնելով, որ իշխանութիւնը նաեւ կը ծրագրէ տապալել 17 Յունիսին կայանալիք արտահերթ նիստը, Մամիջանեան պատասխանեց, որ մինչեւ 17 Յունիս տակաւին ժամանակ կայ եւ թերեւս որոշակի գործընթացներ տեղի ունենան: