ՀՀ ԱԺ պետաիրաւական հարցերու յանձնաժողովը դէմ քուէարկած է Արցախը այլ պետութեան կազմի մէջ ճանչնալը քրէականացնող նախագիծին

Հայաստանի Հանրապետութեան ազգային ժողովի պետաիրաւական հարցերու մշտական յանձնաժողովի մեծամասնութիւնը դէմ քուէարկած է «Հայաքուէ» քաղաքացիական նախաձեռնութեան օրէնսդրական նախագիծին։

Նախագիծով կ’առաջարկուի քրէականացել Հայաստանի Հանրապետութեան անունով Լեռնային Ղարաբաղը որեւէ այլ պետութեան կազմի մէջ ճանչնալը, ինչպէս նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումէն հրաժարիլը, ժխտելը։

Նախագիծին կողմ քուէարկած 3, դէմ՝ 7 պատգամաւոր։