Սուրիոյ խորհրդարանի հայ-սուրիական բարեկամութեան միութեան անդամները Յունիս 9-ին, ՀՀ Դամասկոսի դեսպանատան մէջ դեսպան փրոֆ. Արշակ Փօլատեանի հետ խորհրդակցական հանդիպում մը ունեցան: Կողմերը զրուցեցին բարեկամ երկու երկիրներու միջեւ խորհրդարանական յարաբերութիւններուն եւ միջազգային ու տարածաշրջանային քաղաքական զարգացումներուն շուրջ:
Փօլատեան շեշտեց հայ-սուրիական բարեկամութեան ամրապնդման անհրաժեշտութիւնը` ներկայացնելով Հայաստանի մօտեցումները Միջին Արեւելքի հարցերուն, մասնաւորապէս Սուրիոյ տագնապին առնչութեամբ:
Հանդիպման ընթացքին, Սուրիոյ խորհրդարանի անդամ եւ միութեան նախագահ դոկտ. Նորա Արիսեան շեշտեց Սուրիոյ խորհրդարանի եւ ՀՀ խորհրդարանի միջեւ կապերու ամրապնդման անհրաժեշտութիւնը, որ իր դրական անդրադարձը պիտի ունենայ երկու երկիրներուն վրայ: