Զինուած ՀՕՊ զօրքերու պետի տեղակալ-վարչութեան պետի տեղակալ, գնդապետ Արթուր Պօղոսեան ՀՀ ՊՆ «Հայ զինուոր» պաշտօնաթերթի հետ զրոյցին ըսած է,- «Համալրումը զգալի է: Ան կ’ապահովէ կրակի բաւականին մեծ խտութիւն: Նաեւ այս միջոցի շնորհիւ ստեղծուած է ամուր հակաուղղաթիռային համակարգ: «Իկլա-Ս»-ը լաւագոյնն է իր դասի մէջ: Ան կը տարբերակէ զանազան տիպի խանգարումներ, մարտական գլխիկը բաւականին զգայուն է եւ կրնայ յայտնաբերել նաեւ փոքր ջերմութեան աղբիւր հանդիսացող անօդաչու թռչող սարքերը»:
Արթուր Պօղոսեանի խօսքով, «Իկլա-Ս»-ն օժտուած է հրթիռի մեծ հեռահարութեամբ եւ թիրախի խոցման մեծ հեռաւորութեամբ, զգալի է նաեւ հրթիռի մարտական մասի զանգուածը, ինչի շնորհիւ բարձր է թիրախի ամբողջական ոչնչացման հաւանականութիւնը:
«Մեր ձեռք բերած «Իկլա-Ս» համալիրները նոր են, եւ երկար տարիներ որեւէ խնդիր չենք ունենար: Նրանք պատրաստ են խնդիրը լուծելու նոյնիկ գիշերային պայմաններու մէջ, քանի որ համալրուած են «Մաուկլի» նշանոցով»,-նշած է գնդապետ Պօղոսեան: