Երեւանէն Արմէնբրէս կը տեղեկացնէ թէ Մայիս 27-ին «Երեւան իմ Սէր» Հիմնադրամի կեդրոնատեղիին մէջ լրագրողներու հետ հանդիպման ընթացքին Հայաստանի Նախագահ Արմէն Սարգսեան յայտնած է թէ աշխարհահռչակ երգիչ Էլթըն Ճօն Հայաստանի բարեկամ է պարզ այն պատճառով որ ունի բազմաթիւ հայ ընկերներ, որոնցմէ մին ինքն է:
«Ան նաեւ մեծ մտաւորական մըն է, որ շատ ընթերցասէր ըլլալով, ծանօթ է Հայաստանի պատմութեան: Կը յիշեմ որ տարիներ առաջ երբ մահացաւ Գարեգին Առաջին վեհափառը, Էլթընը ինծի նամակ մը գրեց եւ մենք հանդիպեցանք ու քննարկեցինք հայ քրիստոնէութեան պատմութիւնը» պատմած է նախագահը ու շեշտած է որ հանրայայտ երգիչ մը ըլլալէ բացի, Էլթըն Ճօնը հսկայական բարեսիրական աշխատանք կատարած է, օգնելով «ՁԻԱՀ» հիւանդութենէ տառապողներու եւ այդ հիւանդութեան կանխարգիլմանը նպաստելու:
Նախագահ Սարգսեան շեշտած է, թէ’ Էլթըն Ճոնը եւ թէ’ «Երեւան, իմ Սէր» ծրագիրը կ’աջակցին լսողական հարցեր ունեցող երախաներու ինչպէս նաեւ չափահասներու:
«Երբ գործիքը կը դնես իր ականջին եւ կը լսէ, այդ տեսարանը որեւէ մէկը կը յուզէ: Երախային առջեւ նոր կեանք կը բացուի» իր ուրախութիւնը կը փոխանցէ Նախագահը, ու կը բացատրէ թէ Էլթըն Ճօնի միջոցաւ Հայաստանի մասին ծանօթութիւնը կը տարածուի աշխարհի մէջ, որովհետեւ իր խումբի երգիչներն ու աշխատակիցները կը նկարահանեն իր բարեսիրական գործունէութիւնները եւ կը ցուցադրեն զանոնք համերգային ծրագիրներու ընթացքին:
Լրագրողի այն հարցումին թէ Էլթըն Ճօնը յեղափոխութեան պատճառաւ փոփոխութիւն մը նկատա՞ծ է, Սարգսեան պատասխանած է թէ Հայաստանը հազարաւոր տարիներու գոյութիւն ունի եւ աւելցուցած է , «Դուք չէք փոխուել յեղափոխութիւնից առաջ եւ յետոյ: Պարզապէս այսօր աւելի ազատ էք, աւելի եռանդուն էք: Իմ երդմնակալութեան ժամանակ ըսի, որ կ’երազեմ երիտասարդ Հայաստանի մասին, բայց պարզուեցաւ թէ երազել պէտք չէ: Երիտասարդը դուք էք: Այն եռանդը որ կայ քաղաքին մէջ տեսանելի է», ըսաւ նախագահը:
Էլթըն Ճօնը Հայաստան այցելած է Մայիս 26-ին, գործակցութեամբ «Երեւան, իմ Սէր» բարեսիրական ծրագրին, որ ստեղծած է Արմէն Սարգսեանը 2010 թուականին: Զանազան բարեսիրական ծրագիրներէն մին է «Save the children» ծրագիրը: Շէնքի առաջին հարկը տրամադրուած է աւելի քան հարիւր անդամալոյծ կամ դժուարութիւն ունեցող երախաներուն, որոնք շաբաթը մի քանի անգամ կ’այցելեն կեդրոն եւ զանազան դարմանումներու կ’ենթարկուին: