Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ, Յունիս 29-ին, տեղի ունեցած է փոքր եւ միջին ձեռնարկատիրութեան զարգացման վերաբերող խորհրդակցութիւն, որուն մասնակցած են շահագրգիռ նախարարութիւններու ղեկավարներն ու փոքր եւ միջին ձեռնարկատիրութիւններուն շահերը ներկայացնող տարբեր հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ:
Վարչապետը նշած է, որ պէտք է քարտէսագրել փոքր եւ միջին ձեռնարկատիրութեան խնդիրներն ու կառավարութեան կատարելիքները` ոլորտին աջակցելու առումով: «Կառավարութեան համար ասիկա չափազանց կարեւոր ուղղութիւն է` նաեւ այն պատճառով, որ փոքր եւ միջին գործարարութիւնը աւելի ճկուն է, եւ այստեղ կառավարութեան գործունէութեան դրական արդիւնքները աւելի արագ նկատելի կը դառնան: Կայ այս մարզին հետ առնչութիւն ունեցող գործարարներու, ձեռներէցներու շատ լայն շրջանակ: Մենք պէտք է նաեւ ապահովենք մնայուն հաղորդակցութիւն, կարենանք հաղորդակցութեան յուսալի համակարգ ներդրել եւ համոզուած ըլլալ, որ այն, ինչ որ կ՛ընէ կառավարութիւնը, կ՛ընէ նաեւ փոքր եւ միջին ձեռներէցներուն մասնակցութիւնը ապահովելով»,- նշած է Փաշինեան:
Խորհրդակցութեան ընթացքին անդրադարձ կատարուած է փոքր եւ միջին ձեռնարկատիրութեան ոլորտին մէջ առկայ խնդիրներուն, անոնց տրամադրուող պետական աջակցութեան, հարկային վարչարարութեան վերաբերող հարցերու, որոնց առնչութեամբ ներկայացուած են տարբեր դիտարկումներ եւ առաջարկներ: Ներկաները յատկապէս կարեւոր նկատած են Հարկային օրէնսգիրքին մէջ բարեկարգումներ կատարելը:
Վարչապետը ընդգծած է, որ կառավարութիւնը ունի քաղաքական կամք` քննարկելու ոլորտի խնդիրները եւ գտնելու անոնց լուծման տարբերակները: Կառավարութեան ղեկավարը յանձնարարած է, փոխվարչապետ Տիգրան Աւինեանի համակարգումով, Տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարարութեան հարթակին վրայ փոքր եւ միջին ձեռնարկատիրութիւններու ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ կազմել այս բնագաւառի զարգացման խորհուրդ, որ կառուցողական մթնոլորտի մէջ պարբերաբար պիտի քննարկէ ոլորտին մէջ առկայ խնդիրները, վարչապետին պիտի ներկայացնէ անոնց լուծման կարելիութիւնները եւ հանդէս պիտի գայ յստակ առաջարկներով: