Իրան ազատ առեւտուրի համաձայնագրի կնքման ուղղուած բանակցութիւններու մէջ հայկական կողմի ջանքերը բարձր կը գնահատուին Հայաստանի գործընկերներուն կողմէ: «Արմէնփրես»-ի հաղորդմամբ այս մասին ֆէյսպուքեան իր էջին մէջ գրած է ՀՀ փոխվարչապետ Տիգրան Աւինեան, որ ներկայիս Աստանայի մէջ է, ուր Մայիս 17-ին ստորագրուեցաւ ԵԱՏՄ-Իրան ազատ առեւտուրի գօտիի ժամանակաւոր համաձայնագիրը:
«Երկարատեւ եւ բարդ բանակցութիւններէ ետք այսօր կնքուեցաւ ԵԱՏՄ – Իրան ազատ առեւտուրի համաձայնագիրը: Յատուկ կ՛ուզեմ նշել հայկական կողմի լրջագոյն աշխատանքը, որ իրականացուած է բանակցութիւններու ամբողջ ընթացքին, ինչի մասին կը խօսին մեր բոլոր գործընկերները»,-նշած է Տիգրան Աւինեան:
ՀՀ փոխվարչապետը համոզուած է, որ համաձայնագիրը նոր հնարաւորութիւններ պիտի տայ հայկական արտադրողներու համար իրանական շուկայ մտնելու, ինչպէս նաեւ շատ բարենպաստ պայմաններ Հայաստանի մէջ նոր արտադրական հզօրութիւններ հիմնելու համար:
Եւրասիական տնտեսական միութիւնը կը գործէ 2015 թուականի Յունուար 1-էն, որու անդամ են Հայաստանը, Պելառուսիան, Ղազախստանը, Ղրղզիստանը եւ Ռուսիան: