ՀՈԼԱՆՏԱՅԻ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԴԱՏԱՐԱՆԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ՃԱՆՉՑԱԾ Է ԱՐՑԱԽԻ ՅՈՒՇԱՐՁԱՆՆԵՐՈՒ ՍԵՓԱԿԱՆԱՏԷՐ

Հոլանտայի միջազգային դատարանը աննախադէպ որոշում մը առած է։ Պատմութեան մէջ առաջին անգամ կազմակերպութիւնը իրաւայաջորդ եւ իրաւատէր ճանչցած է երկիր մը, որուն պատմական յուշարձանները յայտնուած են այլ պետութեան տարածքին։

Ինչո՞ւ է այս որոշումը աննախադէպ ու անսպասելի։ Հակառակ այն հանգամանքին, որ Հայաստանն ու Ատրպէյճանը քանի մը տասնամեակ պայքարած են Արցախի հողերուն համար, 44-օրեայ պատերազմէն վերջ միջազգային հանրութիւնը ճանչցաւ Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը։ Մինչ այս դէպքը, յուշարձաններուն նկատմամբ կը ճանչցուէր այն երկիրներու իրաւասութիւնը, որուն անոնք կը պատկանին։

Ցաւալի էր, անարդար, բայց այդպէս էր: Հայկական հողերուն հետ մէկտեղ թշնամիին գացած են նաեւ մշակութային ժառանգութեան տուեալները, ինչ որ բողոքի եւ թիւրիմացութեան ալիք յառաջացուցած է հանրապետութեան քաղաքացիներուն մօտ։

Հայոց պատմութեան ալպանականացման անվերջ փորձերը ընկալուած են եւ կ’ընկալուին աւելի ցաւոտ։ Ատրպէյճան ոչ միայն կ’իւրացնէ յուշարձանները, այլեւ բացայայտօրէն կը նենգափոխէ զանոնք։ Այս տարուան Փետրուարին, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մամլոյ դիւանը դիմեց համաշխարհային հանրութեան օգնութեան։

«Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը խստօրէն կը դատապարտէ Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն այս նախաձեռնութիւնը եւ անիկա կը համարէ հակամարդկային եւ հակաքաղաքակրթական գործողութիւն՝ Հայաստանի, Արցախի եւ հայ ժողովուրդի նկատմամբ մշտական թշնամութեան եւ ատելութեան ընդգծուած դրսեւորումով։

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը նաեւ ընդգծած է, որ Արցախի քրիստոնէական սրբավայրերու հայկական պատկանելութիւնը գիտականօրէն ապացուցուած է եւ անհերքելի, նոյնիսկ եթէ անոնք այժմ կը գտնուին Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ»:

Այժմ, ըստ Հայկական ճարտարապետութիւնը ուսումնասիրող հիմնադրամի փոխտնօրէն Ռաֆֆի Քորթոշեանի, Հայաստան իրաւունք ունի դիմելու ՄԱԿ-ի միջազգային դատարան՝ ապացուցելու իր յուշարձաններու պղծումի փաստերը, եւ եթէ դրական արձագանգ չստանայ, զանոնք տրամադրել ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդին։