Հունգարիան կ’արգելափակէ Եւրոմիութեան Խաղաղութեան հիմնադրամէն Հայաստանին աջակցութիւն տրամադրելու նախագիծը, որուն շուրջ դաշինքին մէջ նախնական համաձայնութիւն ձեռք բերուած էր նախապէս։ Ինչպէս կը հաղորդեն «Ազատութեան» դիւանագիտական աղբիւրները, Հունգարիան կը պահանջէ, որ Ատրպէյճանը եւս ներառուի ծրագրին մէջ, ինչ որ, ըստ նոյն աղբիւրին, դրուած է քննարկման սեղանին՝ փակուղիէն դուրս գալու համար։
Ապրիլի կէսերուն «Ազատութեան» յայտնի դարձած էր, որ Պրիւքսէլի մէջ նախնական համաձայնութիւն ձեռք բերուած է Եւրոմիութեան Խաղաղութեան հիմնադրամէն Հայաստանին 10 միլիոն եւրոյի օգնութիւն տրամադրելու շուրջ։ Ըստ դիւանագիտական փաստաթուղթերուն, այդ գումարով պէտք է մէկ գումարտակի համար նախատեսուած դաշտային մոտուլային ճամբար ստեղծուէր, որ պէտք է ներառեր նաեւ մէկ բժշկական օգնութեան հիմնարկութիւն, ինչպէս նաեւ համապատասխան ծառայութիւններ ու կարողութիւններ։
«Այս աջակցութեան նպատակն է նպաստել, որ Հայաստանի զինուած ուժերը բարձրացնեն դիմադրողականութիւնն ու կայունութեան հաստատման ուղղուած կարողութիւնները եւ անով իսկ առաւել լաւ պաշտպանեն խաղաղ բնակչութիւնը՝ ճգնաժամերու եւ արտակարգ պատահարներու ժամանակ»,- ըսուած է փաստաթուղթին մէջ, որուն ընդունումը քանի մը շաբաթէ կ’արգելափակուի Հունգարիոյ կողմէ։