Հայուհի Հռիփսիմէ Մաթեւոսեան ընդգրկուած է հանրայայտ Forbes ամսագիրի կազմած 2019-ի՝ արդիւնաբերական ոլորտին մէջ 30 երիտասարդ նորարարներու ցուցակին վրայ:
Ըստ News.am-ի՝ ամսագիրը ցանկով առանձնացուցած է 2019-ին ռոպոթաշինութեան, ինքնաշխատացման, 3D տպման, թռչող նկարահանող սարքերու եւ ինքնակառավարուող փոխադրամիջոցներու արտադրութեան ոլորտին մէջ 30-էն ցած տարիք ունեցող լաւագոյն 30 նորարար ձեռներէցները: Անոնք գործարաններու եւ գիւղատնտեսութեան աշխատանքը առաւել արդիւնաւէտ կը դարձնեն` ստեղծելով նոր ռոպոթներ, զգայարաններ, հին ապրանքները վերաթողարկելով թարմացած տարբերակներով։
Հռիփսիմէ Մաթեւոսեան մաթեմաթիքոս է, ճարտարագէտ, օդատիեզերական ոլորտի երիտասարդ փորձագէտ, որ հասցուցած է հիմնադրել իր սեփական ընկերութիւնը, որ կը զբաղի բարձր որակի նկարներով եւ աշխարհատարածքային տուեալներով:
Forbes-ը Մաթեւոսեանի մասին գրած է. «Հռիփսիմէ Ռիմա Մաթեւոսեան Swiftera-ի համահիմնադիրն է. ընկերութիւնը նկարահանումներ կ՝ընէ տրոններէն բարձր եւ տիեզերական արբանեակներէն ցած բարձրութեան վրայ թռչող տեսախցիկի միջոցով»:
Բացի Մաթեւոսեանէն` ցուցակին վրայ յայտնուած են Embark-ի հիմնադիրներ Ալեքս Ռոտրիկէսը եւ Պռանտոն Մոուքը, Aeye-ի համահիմնադիր Ճորտըն Կրինը, Shone-ի հիմնադիրներ Ուկօ Վոլմըրը, Գլեմենթ Ռենոն, Անթուան տէ Մալեփրատը եւ ուրիշներ: