Հայաստան 1 Փետրուար 2024-ին, պաշտօնապէս միացաւ Միջազգային քրէական դատարանին։ Սա կը նշանակէ, որ Հայաստանի համար 1 Փետրուարէն սկսեալ ուժի մէջ մտաւ Հռոմի կանոնադրութիւնը:
Հայաստանի Ազգային Ժողովը 3 Հոկտեմբեր 2023-ին միայն իշխող «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութեան 60 թերքուէներով վաւերացուց Հռոմի կանոնադրութիւնը, իսկ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատրեան 14 Հոկտեմբեր 2023-ին զայն ստորագրեց, որմէ ետք արտաքին գործոց նախարարը այդ մասին տեղեկացուց Միջազգային քրէական դատարանը:
Ազգային ժողովի քուէարկութենէն շուրջ երկու ժամ ետք Քրեմլինը յայտարարեց, որ Հռոմի կանոնադրութեան վաւերացումը Ռուսիա-Հայաստան յարաբերութիւններու տեսանկիւնէն ճիշդ քայլ չէ:
Մոսկուայի դժգոհութեան պատճառը այն է, որ Միջազգային քրէական դատարանը 2023-ին Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի ձերբակալութեան հրամանագիր արձակած է, եւ Հայաստան իբրեւ դատարանի լիիրաւ անդամ ստիպուած պիտի ըլլայ այդ հրամանագիրը գործադրել:
Երեւան իր կարգին յայտարարած է, որ Հռոմի կանոնադրութեան միանալով կ’ուզէ Ատրպէյճանը պատասխանատուութեան ենթարկել զինուորական յանցագործութիւններու համար:
Երեւան կը խօսի նաեւ արցախահայերու տեղահանութեան համար Ատրպէյճանի դէմ Միջազգային քրէական դատարան հայց ներկայացնելու կարելիութեան մասին:
Ռուսիոյ համար կարեւոր է, որ Միջազգային քրէական դատարանին Հայաստանի իրաւմբ եւ փաստօրէն անդամակցութիւնը բացասաբար չազդէ երկկողմանի յարաբերութիւններուն վրայ: Այս մասին «ՌԻԱ Նովոսթի»-ի փոխանցումով լրագրողներուն ըսած է Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով` արձագանգելով Հայաստանի համար Հռոմի կանոնադրութեան ուժի մէջ մտնելուն:
Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Ֆրանսայի դեսպանը, անդրադառնալով Միջազգային քրէական դատարանի Հռոմի կանոնադրութեան պաշտօնապէս ուժի մէջ մտնելուն, «Էքս»-ի վրայ գրեց. «Հայաստանի կողմէ խիզախ որոշում է, որ կը նպաստէ անպատժելիութեան դէմ պայքարին»: