Հրազդանի մէջ պիտի ստեղծուի ազատ տնտեսական գօտի

Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան որոշումով Հրազդանի մէջ պիտի ստեղծուի ազատ տնտեսական նոր գօտի (ԱՏԳ), որու կազմակերպչն է «էկոս» փակ բաժնետիրական ընկերութիւնը: Ատգ-ն կգործի գործարանային 1 հասցէում գտնուող տարածքում:

Տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարար Արծուիկ Մինասեան նշեց, որ կազմակերպութեան կողմէ ներկայացուած ծրագիրը կը նախատեսէ մինչեւ 2043 թուականը այդ տարածքին մէջ ներգրաւել 200 շահագործող, ի դէպ, մինչեւ 2021 թուականը` 50 շահագործող:

«Ծրագրի ընթացքին կազմակերպիչին կողմէ պիտի ստեղծուի 22 նոր աշխատատեղ, եւ 300 նոր աշխատատեղ ալ կը կանխատեսուի ստեղծեն շահագործողները: Կազմակերպիչը մինչեւ 4 միլիոն տոլարի ներդրում կը նախատեսէ կատարել, իսկ շահագործողներու կողմէ մինչեւ 2021 թուականը 15 միլիոն տոլարի, իսկ յետագայ տարիներուն համար եւս 30 միլիոն տոլարի ներդրում»,- ըսած է Մինասեան` ընդգծելով, որ պիտի ըլլայ Ազատ տնտեսական գօտիի երկու հիմնական տարածք. մէկը Հրազդանի 4,3 հա չափով, միւսը` գրասենեակային տարածք` Երեւանի մէջ:

«Հրազդանի մէջ կ՛ակնկալուի, որ կը ըլլայ հանգաքուծութեան կեդրոն․․․», ըսաւ նախարարը` աւելցնելով, որ ասիկա պիտի ըլլայ Հայաստանի մէջ 4-րդ ազատ տնտեսական գօտին:

Անոր խօսքով` նախագիծը նպատակ ունի ապահովել օտարերկրեայ ուղղակի ներդրումներ, երկրի ներդրումային գրաւչութեան բարձրացում, բարձր եւ տեղեկատուական  արհեստագիտութիւններու ոլորտի մէջ արտահանման ուղղուածութիւն ունեցող արտադրանքի ստեղծում, նոր աշխատատեղեր ստեղծում ու կայուն տնտեսական զարգացման խթանում:

ԱՏԳ-ի գործունէութեան ժամկէտը սահմանուած է 25 տարի: