Հայաստանի հանրապետութեան կառավարութիւնը շուտով 150 միլիառ դրամի աջակցութիւն պիտի ցուցաբերէ տնտեսութեան։ «Շանթ» պատկերասփիւռի կայանին տուած հարցազրոյցին ընթացքին այս մասին յայտնեց վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան:
«Մեր տնտեսութեանը պէտք է աջակցենք: Յառաջիկային կառավարութիւնը առնուազն 150 միլիառ դրամի աջակցութիւն պիտի ցուցաբերի տնտեսութեան: Մենք փաթեթ պատրաստած ենք, որ քանի մը օրուան մէջ գործնականօրէն հնարաւոր պիտի ըլլայ կիրառել: Մենք 25 միլիառ դրամ պիտի յատկացնենք այն ծրագրի համար, որ այն ընկերութիւնները, որոնք կը վերցնեն վարկ Հայաստանեան դրամատուներէն դրամային արտայայտութեամբ իրենց աշխատակիցներու աշխատավարձերը վճարելու եւ այլ հարցերու համար, կառավարութիւնը այդ վարկի 50 տոկոսը պիտի համաֆինանսաւորէ 0 տոկոսով, իսկ դրամատան հատուածի տոկոսը նպաստի ձեւով պիտի տրուի», դիտել տուաւ ան։
Վարչապետը նշեց, որ կառավարութիւնը լուրջ խնդիր դրած է ինքնիր վրայ՝ աջակցութիւն ցուցաբերելու նաեւ գիւղատնտեսութեան: «Խնդիր դրած ենք գիւղատնտեսական վարկերը նպաստի ձեւով տալու այնքան, մինչեւ դառնայ 0 տոկոս», նշեց վարչապետը:
Փաշինեան աւելցուց, որ 30 միլիառ. դրամի ծրար պիտի պատրաստեն ընկերային հրատապ աջակցութեան համար, իսկ 80 միլիառ դրամի ծրար այն կազմակերպութիւններուն համար, որոնք կը զբաղին Հայաստանը նոր աշխարհին պատրաստելու ուղղութեամբ: