Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւն ու Ղազախստանի նախագահ Քասիմ Ժոմարթ Թոքայեւը այցելած են բռնագրաւուած Արցախի Հանրապետութեան Շուշի քաղաք:
Մինչ այդ, անոնք այցելած են բռնագրաւեալ Վարանդա, ուր Թոքայեւ ծանօթացած է քաղաքի զարգացման գլխաւոր յատակագիծին:
«Նախագահներուն ներկայացուած են բնակավայրի նոր տեսքը, ապագայ վարչական կեդրոնի, քաղաքային զբօսայգիի եւ այլ կարեւոր կառոյցներու ուրուանկարները եւ նախագիծերը», կը նշուի հաղորդագրութեան մէջ: