ՄԱԿԻ ՄԱՐԴՈՒ ԻՐԱՒՈՒՆՔՆԵՐՈՒ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ԸՆԴՈՒՆԱԾ Է ՀԱՅԱՍՏԱՆԻՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԱԾ «ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԿԱՆԽԱՐԳԻԼՈՒՄ» ԲԱՆԱՁԵՒԸ

Մարդու Իրաւունքներու Խորհուրդի 55-րդ նստաշրջանին, 3 Ապրիլին, միաձայնութեամբ ընդունուած է Հայաստանի կողմէն ներկայացուած «Ցեղասպանութեան Կանխարգիլում» բանաձեւը:
Հիմք ընդունելով «Ցեղասպանութեան յանցագործութիւնը կանխարգիլելու եւ պատժելու մասին» համաձայնութեան՝ երկու տարին մէկ ներկայացուող բանաձեւը ՄԱԿ-ի անդամ երկիրներու ուշադրութեան կը հրաւիրէ այս ոճրագործութեան կրկնութեան վտանգներն ու անոնց կանխելու անհրաժեշտութեան վրայ:
«Այս տարուան բանաձեւի բնաբանին մէջ, նկատի առնելով ժամանակակից մարտահրաւէրները` կարեւոր դրոյթներ աւելցուցած են կանուխ նախազգուշացման եւ ցեղասպանութիւններու հետ առնչուած վտանգներու մասին: Մասնաւորապէս, նման վտանգներու շարքին նշուած են զինուած հակամարտութիւններու օգտագործումը ցեղասպանութիւն իրականացնելու նպատակով եւ որպէս պատերազմ վարելու արգիլուած միջոց՝ խաղաղ բնակչութիւնը սովի մատնելու անթոյլատրելիութիւնը:
Բանաձեւը անպատժելիութիւնը կ’որակէ որպէս ցեղասպանութիւններու, պատերազմական յանցագործութիւններու եւ մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններու վտանգի զգալի գործօն` ընդգծելով, որ անիկա պէտք է հասցէագրուի հետաքննութեան, քրէական հետապնդումի եւ պատիժի միջոցով: Այս առումով յատկանշական է այն փաստը, որ բանաձեւը յատկապէս կը նշէ Արդարադատութեան Միջազգային Դատարանին դերը ցեղասպանութեան յանցագործութեան կանխարգիլման եւ պատիժի հարցերով:
Փաստաթուղթով նախատեսուած ՄԻԽ-ի 58-րդ նստաշրջանին քննարկում տեղի ունեցած է կանուխ նախազգուշացման նիւթով: Կոչ ուղղուած է ՄԱԿ-ի Մարդու Իրաւունքներու բարձր յանձնակատարի գրասենեակին քաջալերելու ինչպէս անդամ պետութիւններու, նոյնպէս ՄԱԿ- ԳՔ Ցեղասպանութեան կանխարգիլման հարցով յատուկ խորհրդականի, պայմանագրային մարմիններու, յատուկ ընթացակարգերoւ, քաղաքացիական հասարակութեան, մարդու իրաւունքներու ազգային հիմնարկներու, ակադեմիական շրջանակներու եւ մասնաւոր հատուածի մասնակցութիւնը նախաձեռնութիւնը», ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Աղբիւրին համաձայն, Հայաստանի այս նախաձեռնութիւնը կարեւոր ներդրումն է ցեղասպանութիւններու եւ զանգուածային ոճրագործութիւններու կանխարգիլման միջազգային օրակարգը ամրապնդելու, ժամանակակից մարտահրաւէրներուն իրաւունքակեդրոն մօտեցումներ առաջադրելու, մարդու իրաւունքներու միջազգային իրաւունքի եւ միջազգային մարդկային իրաւունքի խաչուող հարցերու շուրջ հիմնարկային լուծումներ գտնելու ուղղութեամբ:
ՀՀ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը կարեւոր համարած է նաեւ արձանագրելը, որ Հայաստանի կողմէն ներկայացուած «Ցեղասպանութեան Կանխարգիլում» բանաձեւը կը վայելէ լայն աջակցութիւն. անիկա կը համահեղինակէ բոլոր հինգ տարածաշրջանային խումբերու անդամ հանդիսացող երկիրները: