ՄԱԿ-ի Չարչարանքի դէմ յանձնախումբը Ատրպէյճանի վերաբերեալ 23-24 Ապրիլի իր 5-րդ պարբերական զեկուցումին մէջ «Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հակամարտութիւն» բաժինին մէջ կը յայտնէ. «Յանձնախումբը խորապէս մտահոգ է ատրպէյճանական զինեալ ուժերու կողմէ պատերազմական գերիներու եւ հայ կամ ազգային ծագումով պաշտպանուած այլ անձերու դէմ միջազգային մարդասիրական օրէնքի եւ մարդու իրաւունքներու օրէնքի դէմ կատարուած խիստ եւ ծանր խախտումներու, ներառեալ արտադատարանային սպանութիւններու, չարչարանքի եւ այլ վատ վերաբերմունքի մասին տեղեկութիւններով, եւ արձանագրութեամբն ու տարածումովը տեսերիզներու, որոնք կը ցուցադրեն ողջ անձերու դէմ գլխատում ներառող ահաւոր արարքներ, դիակներու պղծում եւ անդամահատումներ, եւ տեսախցիկին առջեւ այսպիսի վատ վարմունքներու պատասխանատուութեան ստանձնումը այնպիսի ձեւով մը, որ զանոնք գործողները չեն վախնար հաշուետուութեան ենթարկուելէ:
«(…)Յանձնախումբը կ’ընդգծէ, որ կարիքը կայ անկախ, անկողմնակալ, թափանցիկ եւ ազդու հետաքննութեան այդ արտադատարանական սպանութիւններուն, չարչարանքներուն եւ վատ վերաբերմունքին շուրջ, եւ կարիքը կայ դատական հետապնդումի ենթարկելու պատասխանատուները:
«Յանձնախումբը նաեւ խոր մտահոգութիւն կը յայտնէ նկատմամբ պետական կողմին, անոր հակաահաբեկչական նկատած գործողութիւններու ընթացքին վարմունքին, ներառեալ 23 անհատներ կալանաւորելը, որոնք ահաբեկչութեան եւ առնչակից յանցագործութիւններու հետ կապ ունեցող կը նկատուին», կը նշէ ՄԱԿ-ի յանձնախումբը: