Հայաստանի մէջ 2018 Մայիսին՝ Ապրիլի նկատմամբ՝ տնտեսական աշխուժութեան ցուցանիշը աճած է 10,4%-ով: Ազգային վիճակագրական ծառայութեան տուեալներուն համաձայն, նոյն ժամանակահատուածին, արդիւնաբերական արտադրանքի ծաւալը աճած է 13,3%-ով:
Մայիսին աճած է նաեւ գիւղատնտեսութեան համախառն արտադրանքի ծաւալը՝ մօտ 42%-ով, շինարարութեան ծաւալը՝ 2,4%-ով, առեւտուրի շրջանառութիւնը՝ 12,1%-ով:
Մէկ ամսուան ընթացքին աննշան՝ 0,1%-ով, աճած է նաեւ միջին ամսական անուանական աշխատավարձը:
Հաշուետու ժամանակահատուածին 5%-ով նուազած են արտահանման ծաւալները, իսկ ներմուծման ծաւալները աճած են մօտ 12%-ով: