Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն տուած այցելութեան ծիրին մէջ, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ, զինուած ուժերու գերագոյն գլխաւոր հրամանատար Սերժ Սարգսեան 21 նոյեմբերին Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանի հետ Գանձասարի մէջ ներկայ գտնուած է Ստեփանակերտի «Մեսրոպ Մաշտոցի անուան մատենադարան-գանձասար» գիտամշակութային կեդրոնի` Մատենադարանի մասնաշէնքի բացման արարողութեան:
Կեդրոնը կը բաղկանայ գիտական եւ թանգարանային մասերէ, գիտաժողովներու, մշակութային տարաբնոյթ նախաձեռնութիւններու համար նախատեսուած դահլիճէ, գրադարանէ ու ընթերցասրահէ: Նորաբաց ցուցասրահներուն մէջ ներկայացուած են Արցախի մէջ կանուխ միջնադարէն մինչեւ նոր շրջան ստեղծուած հարիւրէ աւելի ձեռագիրներու, Արցախի պատմութեան առնչուող հազուագիւտ վաւերագիրներու բնագիրներ եւ ընդօրինակութիւններ, ինչպէս նաեւ հնատիպ գիրքեր: Ցուցանմուշներու ստեղծման աշխատանքները սկսած են եօթը տարի առաջ եւ, պատասխանատուներուն համաձայն, պիտի ունենան շարունակական բնոյթ:
Բացման արարողութեան զուգահեռ տեղի ունեցած է նաեւ Մատենադարանի գիտաշխատողներու «Արցախի մանրանկարչական արուեստը» եւ «Արցախի գրչութեան կենտրոնները» գիրքերու շնորհանդէսը: Գանձասարի գիտամշակութային կեդրոնի բացման առիթով նախագահ Սերժ Սարգսեան կեդրոնին նուիրած է 12-13-րդ դարերու Գիւլիստանի Աւետարանը:
Մատենադարանի շէնքը հիմնովին նորոգուած է «Փիւնիկ» մարդկային պաշարներու զարգացման համահայկական հիմնադրամին միջոցներով: Մասնաճիւղը պիտի գործէ Մեսրոպ Մաշտոցի անուան Մատենադարանի կառոյցին մէջ եւ անոր լիարժէք գործունէութեան աշխատանքներուն մէջ պիտի կիրարկուի Մատենադարանի գիտական ու թեքնիք ամբողջ ներուժը: