Ափրիկեան քաղաքականութեան ձախողումէն յետոյ Ֆրանսան հիմա ալ կը փորձէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ խաղաղապահի դեր ստանձնել, թէեւ այնտեղ Ռուսաստանը խաղաղապահ գործունէութիւն իրականացուցած է, յայտնած է Ռուսաստանի Արտաքին գործերու նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովան։
«Կիրակնօրեայ երեկոյ Վլատիմիր Սոլովիովի հետ» հաղորդման ժամանակ Զախարովան ընդգծած է, թէ Ափրիկէի մէջ ֆրանսական քաղաքականութեան ձախողման լոյսին տակ, Հարաւային Կովկասի մէջ Փարիզի աշխուժութիւնը կը նմանի «տեսակ մը փոխհատուցման»։
Ըստ ՌԴ ԱԳՆ-ի ներկայացուցիչին՝ Փարիզի «փորձերը» Կովկասի մէջ «իբրեւ թէ խաղաղապահ ջանքեր կը ներառեն»:
«Մենք կը հասկնանք, որ սա կապ չունի խաղաղապահութեան հետ։ Մեր երկիրը իր վրայ վերցուց եւ կատարեց ամբողջ խաղաղապահ դերը՝ նոյնիսկ որպէս միջնորդ ԼՂ կարգաւորման ծիրին մէջ։ Հիմա, երբ ամենադժուար փուլը աւարտած է, յուսանք, որպէս ՆԱԹՕ-ի անդամ, անոնք չեն սկսիր դարձեալ բորբոքել կրակը։ Եւ այժմ, երբ ամենասարսափելին ետեւ մնացած է, անոնք կ’ուզեն իրենք իրենց այնտեղ «ցոյց տալ», ըսած է Զախարովան։