Հայաստանի ներկայ իշխանութիւնը Ղարաբաղի վերաբերեալ որոշումներ տուած է ՆԱԹՕ-ի ազդեցութեան տակ, իսկ այն յայտարարութիւնները, թէ Մոսկուան Եւ ՀԱՊԿ-ն իբրեւ թէ շրջանին մէջ կացութեան սրման ժամանակ չեն օգնած Հայաստանին, սուտ են: Այս մասին «Զվեզտա» պատկերասփիւռի կայանէն յայտնած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր՝ Մարիա Զախարովա:
«Ես սուտի մէջ կը մեղադրեմ բոլոր անոնք, որոնք կը հաւատան ու կը քարոզեն այդ գաղափարը: Ատիկա ճիշդ չէ, սուտ է: Ատիկա Երեւանի որոշումն էր Արեւմուտքի հետ խորհրդակցութիւններէ ետք: Ես սուտի մէջ կը մեղադրեմ բոլոր անոնք, որոնք կը քարոզեն ու կը տարածեն Ռուսիոյ եւ ՀԱՊԿ-ի մեղքի գաղափարը այն որոշումներուն համար, որոնք ընդունած է Երեւանը Ղարաբաղի վերաբերեալ», ըսած է Զախարովա:
Անոր համաձայն, արեւմտեան երկիրները յառաջ մղած են Արցախէն Հայաստանի պաշտօնական հրաժարման նիւթը, եւ Արցախի բնակիչներու իրաւունքները ոչ մէկ ձեւով ներառուած են կամ երաշխաւորուած այն փաստաթուղթերուն մէջ, որոնք ստորագրուած են ՆԱԹՕ-ի ներկայացուցիչներու թելադրանքով:
«Գլխաւորը այն է, որ հիմա, երբ Հայաստանի իշխանութիւնները կը տնօրինեն միւս տարածքները, գիւղերը, յիշեն եւ պատասխանատուութիւն կրեն իրենց որոշումներուն համար եւ ոչ ոքի վրայ չբարդեն իրենց սխալներու մեղքը», ըսած է ան` աւելցնելով. «Գլխաւորը այն է, որ այժմ այդ անշնորհակալ քաղաքացիները ճակատագրական սխալ չգործեն` ստեղծելով այս սարսափելի սադրանքը, որ ոչ թէ սեփական շահերէ կը բխի, այլ անոնց դէմ է»:
Զախարովա նաեւ նշած է, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ նոր սրացումը կախեալ է միայն այն բանէն, թէ Երեւանը Եւրոպական Միութեան, Միացեալ Նահանգներուն եւ Բրիտանիոյ որքանո՛վ կ՛արտօնէ ապակառուցողականօրէն ազդել շրջանի եւ երկրի կացութեան վրայ:
Ան նաեւ ըսած է, որ Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայ իշխանութիւնները ի զուր դարաւոր պատմութիւն ունեցող հայկական հին քաղաքակրթութիւնը կը համեմատեն Եւրոպական Միութեան հետ, «որ ներկայիս իսկապէս փակուղիի մէջ է»:
«Հայաստանը մշակոյթ է, պետական կառոյց, եւ ասոնք պետականութեան այն հիմքերն են, որոնց արմատները կ՛երկարին հազարամեակներու խորքը: Անոնք հազարամեայ պատմութիւն ունին», աւելցուցած է Զախարովա:
Ըստ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերին, Եւրոպական Միութիւնը «թոյլ կամք ունեցող, փլուզուող կառոյց է»:
Զախարովա ըսած է, որ ամբողջ աշխարհը «Եւրոպական Միութեան կը նայի իբրեւ ինքզինք չարդարացուցած փլուզուող կառոյց, որովհետեւ անիկա կորսնցուցած է իր գերիշխանութիւնը: Ասիկա ինքնին այն է, ինչ որ արեւմտեան համակարգողները կ՛ուզեն Հայաստանէն` ոչ պակաս, քան սեփական գերիշխանութեան կորուստը»:
Ըստ անոր, արեւմտեան երկիրները նման փորձեր կատարած են բազմաթիւ պետութիւններու մօտ: «Օրինակ` Սերպիոյ շատ բան խոստացած են` ներդրումներ, տնտեսական աջակցութիւն, սակայն խոստացուածէն ոչինչ կատարուած է», նշած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը:
«Թող Հայաստանն ու հայ ժողովուրդը յիշեն եւ իմանան, թէ Միացեալ Նահանգները իրենց ամէնէն մօտ դաշնակիցները ինչի հասցուցած են: Այս է հարցը», աւելցուցած է ան:
Զախարովայի համաձայն, ՆԱԹՕ-ն արդէն մշակած է Հայաստանի մէջ ընկերային-տնտեսական բարեկեցութեան քայքայման եւ ռազմաքաղաքական ապակայունացման ճամբու քարտէսը: «ՆԱԹՕ-ին ինչո՞ւ պէտք է այդ. որպէսզի ամբողջապէս ազդեցութիւն ձեռք բերէ ներսը տիրող կացութեան վրայ, իսկ յետոյ, եթէ յաջողի, Հայաստանի միջոցով ապակայունացնէ շրջանին մէջ կացութիւնը», նշած է Զախարովա: