Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովա կ’ակնկալէ, որ Հայաստանի իշխանութիւնը ճիշդ ընտրութիւն կը կատարէ հայ ժողովուրդի համար: Այս մասին ան յայտարարած է շաբաթական զրոյցի ժամանակ` մեկնաբանելով Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի խօսքերը այն մասին, որ Ռուսիոյ դաշնութիւնը այլեւս չի կրնար առանցքային գործընկեր ըլլալ անվտանգութեան ոլորտին մէջ:
«Մեր երկու երկիրները կը մնան դաշնակիցներ, հայ ժողովուրդի շահերը չեն տարանջատուիր Ռուսիոյ հետ բարի դրացիական կապերէն: Կ’ակնկալենք, որ Հայաստանի ղեկավարութիւնը ատիկա հաշուի կ’առնէ եւ ներկայիս աշխարհաքաղաքական վերափոխումներու խորապատկերին վրայ ճիշդ ընտրութիւն կը կատարէ», ըսած է ան:
Անոր համաձայն, Ռուսիոյ դաշնութիւնն ու Հայաստանի Հանրապետութիւնը ունին յուսալի երկկողմանի իրաւապայմանագրային հիմք: Այս կը վերաբերի նաեւ ռազմական-արհեստագիտական համագործակցութեան: Երկու կողմերն ալ ունին պարտաւորութիւններ մէկզմէկու նկատմամբ` ներառեալ ինքնիշխանութիւնը, տարածքային ամբողջականութիւնն ու անվտանգութեան պաշտպանութիւնը: Ան ընդգծած է, որ Երեւանը նաեւ հաւաքական երաշխիքներու ներքեւ է ՀԱՊԿ-ի շրջանակներուն մէջ, նաեւ` հաւանական նախայարձակումի պարագային: Ան յիշեցուցած է նաեւ, որ երկիրները 2016 թուականին համաձայնագիր ստորագրած են զօրքերու միացեալ խմբաւորման մասին:
«ՀԱՊԿ-ի շրջանակներուն մէջ աշխուժ փոխադարձ գործակցութեան վերադառնալը կը բխի նախ եւ առաջ նոյնինքն Հայաստանի շահերէն: Երեւանի տրամադրութեան տակ է կազմակերպութեան կարելիութիւններու լայն շրջանակ, անոր ներուժը` հիմնուած բազմամեայ փորձի վրայ», աւելցուցած է Զախարովա:
Ան համոզուած է, որ ի տարբերութիւն Եւրոպական Միութեան առաքելութեան դիտորդներուն, որոնք կը զբաղին այն հարցերով, որոնք հեռու են յայտարարուած նպատակներէն, ՀԱՊԿ-ը կրնայ կայունացնող դեր կատարել Հարաւային Կովկասի մէջ: