«Այնպիսի տպաւորութիւն ունիմ, որ ամերիկացի քոնկրեսականները, կը հասկնամ, որ անոնք գումար կը ստանան իրենց միջազգային լոպիինկին համար, անոնք ատիկա չեն թաքցներ, սակայն ինծի կը թուի, որ անոնք ընելիք ունին», 9 Հոկտեմբերին մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա:
Ան այս ձեւով պատասխանած է ատրպէյճանցի լրագրողին, որ չափազանց դժգոհութիւն արտայայտած էր Պաքուի մէջ գումարուելիք ՔՈՓ29 Կենսոլորտային խորհրդաժողովի նախօրեակին Պաքուի մէջ ապօրինի պահուող հայ բանտարկեալներու ազատ արձակման խնդրանքով Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի վրայ ճնշում գործադրելու` շուրջ 60 ամերիկացի քոնկրեսականներու Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընին ուղղուած կոչին նկատմամբ:
«Ես անշուշտ պիտի անդրադառնամ կլիմայական օրակարգին եւ այդ նիւթով Ատրպէյճանի մէջ տեղի ունենալիք վեհաժողովին:
«Սակայն ես կ’ուզեմ ըսել, գիտէք, որ համաշխարհային, ըստ էութեան համաամերիկեան գայթակղութեան հրէշաւոր բացայայտուած փաստերը: Մենք կը խօսինք այս ամբողջ հոլիվուտեան ամբոխին մասին, եւ ինչպէս անոնք տասնեակ տարիներ այլասերած են երեխաները, կը յուշէ, որ ամերիկացի քոնկրեսականները իրենց տան մէջ ընելիք ունին:
«Եթէ անոնք իրենց ընտրուած պաշտօնները կը դիտեն իբրեւ ուղղակի միջազգային լոպիիստներէն դրամ ստանալու գործ, թերեւս ամբողջը պէտք է վերանուանուի եւ ոչ թէ «Քոնկրես» կոչուող կառոյց, այլ վերանուանուի «ամերիկեան լոպի» կամ «լոպիիստական գործակալութիւն» կոչուող կառոյց, եւ դուք կրնաք պարզապէս այնտեղ գումար ուղարկել, եւ այդ գումարով մարդիկ կ’աշխատին:
«Բայց որովհետեւ քոնկրեսականները այն մարդիկն են, որոնց Ամերիկայի բնակչութիւնը կը պատուիրակէ իր իրաւունքներն ու լիազօրութիւնները` իրականացնելու համար իրենց քաղաքացիական շահերը, թերեւս անոնք ալ հոգան իրենց խնդիրները», յայտարարած է Զախարովա:
«Ատրպէյճանի վրայ ճնշումները եղած են բազմիցս եւ տարբեր հարցերու շուրջ», ըսած է Զախարովա` աւելցնելով. «Սակայն տարբեր հարցերու, այդ շարքին` ՔՈՓ29-ի նիւթին շուրջ Ատրպէյճանի վրայ ճնշում գործադրելու արեւմտեան ուժերու փորձերը անօգուտ են եւ աննախադէպ»:
Զախարովա նաեւ յայտարարած է. «Հայաստանը աշխուժօրէն մասնակցած է «Եւրասիոյ մէջ անվտանգութեան ապահովման սկզբունքներու մասին» յայտարարութեան նախագիծի փորձագիտական հաստատման, առաջարկներ կատարած, անոնցմէ շատերը հաշուի առնուած են, սակայն վերջնական փաստաթուղթը չէ ստորագրած»:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ իր կարծիքով` ինչո՞ւ Երեւանը չէ ստորագրած փաստաթուղթը, Զախարովա ըսած է. «Թէ ինչո՞ւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը փաստաթուղթը չստորագրեց ԱՊՀ երկիրներու նախարարներու խորհուրդին մէջ, աւելի լաւ է ինք այդ հարցումին պատասխանէ, իսկ իմ անձնական կարծիքս թող մնայ ինծի»:
Տեղին է յիշել, որ ԱՊՀ-ի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները 7 Հոկտեմբերին միացեալ յայտարարութեամբ դատապարտած են միակողմանի պատժամիջոցները, յորդորած զերծ մնալ նման քայլերէ: Միացեալ յայտարարութիւնը ընդունուած է Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած նիստէն ետք, որուն մասնակցած է նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան:
«Որեւէ պետութեան կողմէ միակողմանի սահմանափակող քայլերու որդեգրումը կը հակասէ Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան կանոնադրութեան եւ միջազգային օրէնքին: Պետութիւններուն խորհուրդ կը տրուի ձեռնպահ մնալ միակողմանի սահմանափակող քայլերու որդեգրումէն, տարածումէն եւ կիրարկումէն, որոնք կը խոչընդոտեն ընկերային-տնտեսական զարգացման, յատկապէս զարգացող երկիրներու մէջ», կը նշուի միացեալ յայտարարութեան մէջ: