Մեծամօրի հիւլէակայանը առնուազն մինչեւ 2027-ը պիտի գործէ․ Սերժ Սարգսեան

Եւրոմիութեան հետ համաձայնագրին մէջ Մեծամօրի հիւլէակայանի փակման մասին կէտ չկայ: Այս մասին յայտարարած է նախագահ Սերժ Սարգսեան «Ռիա նովոսթի» գործակալութեան տուած հարցազրոյցի ընթացքին:

Հարցումին` ինչպէս յայտնի է` ԵՄ-ի Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագրի մէջ կէտ կայ,  որ կը նախատեսէ Մեծամօրի հիւլէակայանի փակումը: Ատիկա տեղի ունեցած է հայ-ռուսական հիւլէակայանի արդիականացման պայմանագրի ժամկէտը լրանալէն ետք, թէ` աւելի առաջ, Սերժ Սարգսեան պատասխանած է.

«Այդ քննարկումները արհեստականօրէն կը շրջանառուին եւ իրականութեան հետ ոչ մէկ կապ ունին:  Եւրոմիութեան հետ համաձայնագրի նախագիծին մէջ այս պարբերութիւնը ձեւակերպուած է լռելեայն (նկատի ունենալով Մեծամօրի շահագործման առարկայական ժամկէտը): 2014-ին Հայաստանի կառավարութիւնը որոշած է հիւլէակայանի շահագործման ժամկէտը երկարաձգել: Կայանի շահագործման  ժամկէտի երկարաձգման ֆինանսաւորումը պիտի իրականացուի ռուսական պետական արտահանման` 270 միլիոն տոլար վարկի եւ 30 միլիոն տոլար դրամաշնորհի հաշուին: Ներկայիս «Ռոսաթոմ» պետական ընկերութեան հետ կը շարունակուին աշխատանքները հիւլէակայանի երկրորդ պլոքի շահագործման ժամկէտը երկարացնելու ուղղութեամբ: Կարեւոր է  նշել, որ  հիւլէակայանը կը գործէ Մագատ-ի չափանիշներուն համապատասխան, եւ ատիկա միջազգային մասնագիտացուած գործակալութիւններու եզրակացութիւնն է: Միջոցներ կը  ձեռնարկուին  ծրագրի եւ գործառնական անվտանգութեան բարձրացման, ինչպէս նաեւ արդիականացման ուղղութեամբ:  Այնպէս որ, Մեծամօրը առնուազն մինչեւ 2027-ը պիտի գործէ: Մենք կը կարծենք, որ մեր անվտանգութեան համար, առաջին հերթին ուժանիւթը, հիւլէական ուժանիւթը միշտ առկայ ըլլայ Հայաստանի մէջ»:

Հարցումին` այսինքն Նոյեմբերին Եւրոմիութեան հետ համաձայնագրի կնքումէն ետք, անոր փակման մասին խօսք չի կրնար ըլլալ, ՀՀ նախագահը պատասխանած է. «Ոչ: Համաձայնագրի մէջ նման կէտ չկայ»: