Վերջերս, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր՝ Մէթիու Միլլըր պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար՝ Էնթընի Պլինքընը Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ՝ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ազրպէյճանի նախագահ՝ Իլհամ Ալիեւի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութիւններէն ետք կ՛ակնկալէ՞ հանդիպում մը եւս կազմակերպել Նիւ Եորքի մէջ, Միլլըր ըսաւ. «Մենք կը շարունակենք աջակցիլ երկու երկիրներու կայուն եւ արժանապատիւ խաղաղութեան համաձայնագիրի հասնելուն ուղղուած ջանքերուն: Անոնք զգալի յառաջընթաց արձանագրած են խաղաղութեան համաձայնագիրի վերջնական ձեւակերպման ուղղութեամբ, եւ մենք կը պարտաւորուինք ամէն կերպ աջակցիլ կողմերուն, ներառեալ հանդիպում հրաւիրել, եթէ ատիկա օգտակար ըլլայ»: