Գանատան կը շարունակէ ճնշում գործադրել Ատրպէյճանի վրայ՝ բարեխղճօրէն ներգրաւուելու բանակցային միջոցներով Հայաստանի հետ հակամարտութեան հանգուցալուծման համար:
«Արմէնփրէս»-ի փոխանցմամբ՝ այս մասին յայտարարած է Գանատայի արտաքին գործերու նախարար՝ Մէլանի Ճոլին:
«Գանատան կը շարունակէ ճնշում գործադրել Ատրպէյճանի վրայ՝ բարեխղճօրէն ներգրաւուելու բանակցային, խաղաղ, քաղաքական միջոցներով Հայաստանի հետ հակամարտութեան հանգուցալուծման համար՝ յարգելով Հելսինկեան սկզբունքները, ազատ արձակելով կամայական պահուող հայ գերիներուն, յարգելով Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը եւ զերծ մնալով ուժի կիրառման եւ սպառնացող հռետորաբանութենէն»,- նշած է նախարար Ճոլին: