Միխայիլ Գալուզին. «ՌԴ–ն չի նախատեսեր նուազեցնել Հայաստանի հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններու մակարդակը. դեսպանը շուտով կը վերադառնայ Երեւան»

Հայաստանի մօտ Ռուսաստանի դեսպան՝ Սերգեյ Կոպիրկինը խորհրդակցութենէն ետք շուտով կը վերադառնայ Հայաստան, յարաբերութիւններու մակարդակի նուազեցման մասին խօսք չկայ։

«Արմէնփրէս»-ի փոխանցմամբ՝ «ՌԻԱ Նովոստի»–ին այս մասին ըսած է ՌԴ արտաքին գործերու փոխնախարար Միխայիլ Գալուզինը:

«Դեսպանին խորհրդակցութիւններու կանչելը սովորական դիւանագիտական գործընթաց է: Ճիշդ  այս գործընթացի շրջանակներուն ալ Սերգեյ Կոպիրկինը կանչուած է խորհրդակցութիւններու: Մենք այդ խորհրդակցութիւնները անցուցած ենք: Ըստ այնմ, կը կարծեմ, որ շատ շուտով կարելի է սպասել, որ Սերգեյ Պավլովիչը կը վերադառնայ Երեւան եւ կը վերսկսի իր պարտականութիւնները»,- ըսած է փոխարտգործնախարարը:

Պատասխանելով երկրներու միջեւ յարաբերութիւններու մակարդակի հնարաւոր պակսելու վերաբերեալ հարցին՝ Գալուզինը վստահեցուցած է, որ այդ մասին բացարձակապէս խօսք չկայ:

«Դեսպանին կանչած են խորհրդակցութիւններու, Ան հետ չէ կանչուած: Ռուսաստանը և Հայաստանը դաշնակիցներ են, ռազմավարական գործընկերներ»,–շեշտած է ան:

Ըստ փոխարտգործնախարարի՝ կ’ըլլան հակասութիւններ: «Բայց այդ չի նշանակեր, թէ մենք կը նուազեցնենք մեր յարաբերութիւններու մակարդակը»,–ըսած է ան:

ՌԴ ԱԳ նախարարութիւնն աւելի վաղ յայտարարած էր, որ Մայիսի 24-ին Հայաստանի Հանրապետութեան մօտ Ռուսաստանի Դաշնութեան դեսպան՝ Սերգեյ Կոպիրկինը հրաւիրուած է Մոսկուա՝ խորհրդակցութիւններու համար: