Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանազատման յանձնաժողովներու միատեղ աշխատանքի մասին կանոնակարգի սահմանադրականութեան հարցը Սահմանադրական Դատարանին մէջ պիտի քննուի 24 Սեպտեմբերին։
30 Օգոստոսին Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը յայտնած էր, որ Հայաստան ու Ատրպէյճան ստորագրած են սահմանագծման եւ սահմանազատման յանձնաժողովներու միատեղ գործունէութեան մասին կանոնակարգը։
Փաստաթուղթին համաձայն, Երևանն ու Պաքուն համաձայնած են սահմանազատումը իրականացնել 1991 թուականի Ալմա Աթայի հռչակագիրին համաձայն, բայց այդ համաձայնութիւնը վերջնական չէ։
Կանոնակարգին մէջ նշուած է, որ գործընթացը կարելի է հետագային` խաղաղութեան համաձայնագիրի ընդունումէն ետք, այլ սկզբունքներով յառաջ տանել։
Կանոնակարգը 7 յօդուած ունի, հիմնականօրէն կ’ընդգրկէ գործընթացին վերաբերող ճարտարագիտական տուեալներ, ընդհանրական ձեւակերպումներ։ 4-րդ յօդուածին մէջ, օրինակ, նշուած է սահմանագիծի բարելաւման կարելիութեան մասին։
Աւարտին յիշենք, որ 5 Սեպտեմբերին Հայաստանի կառավարութիւնը հաւանութիւն տուաւ Ատրպէյճանի հետ սահմանազատման յանձնաժողովներու միատեղ աշխատանքի մասին կանոնակարգի վաւերացման։ Նոյն օրը փաստաթուղթը ղրկուեցաւ Սահմանադրական Դատարան։