Ըստ «Արմէնփրէս»-ի՝ Յունաստանի արտաքին գործոց նախարար Եորղոս Երափեթրիթիս Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ միատեղ ասուլիսի ընթացքին անդրադառնալով Հայաստան-ԵՄ յարաբերութիւններուն յայտնած է, որ Յունաստան կը սատարէ Երեւանի հետ յարաբերութիւններու ամրապնդման եւ Հայաստանի մէջ ԵՄ դիտորդական առաքելութեան տեղակայման։
«Յունաստան պիտի աշխատի ամրացնել հաստատութենական երկխօսութիւնը մեր փորձագիտական հմտութիւններու մակարդակին վրայ՝ ըլլալով Եւրոմիութեան ամենահին անդամ պետութիւններէն մէկը», ըսած է Երափեթրիթիս։
Ան շնորհակալութիւն յայտնած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի ջերմ հիւրընկալութեան համար։
«Մեծ ուրախութիւն է եւ բացառիկ պատիւ՝ որպէս արտաքին գործոց նախարար առաջին անգամ Երեւան գտնուիլս, ինչով կը հաստատենք երկկողմ յարաբերութիւններու հրաշալի մակարդակը եւ մեր պատրաստակամութիւնը՝ ալ աւելի սերտացնելու մեր յարաբերութիւնները։ Այո՛, Յունաստան եւ Հայաստան ունին պատմական ամուր կապեր, բարեկամական յարաբերութիւններ , որոնք կառուցուած են դարերու ընթացքին», ընդգծած է Երափեթրիթիս։