Հայաստանի վարչապետին եւ Ռուսաստանի նախագահին՝ Մոսկուայի մէջ կայացած հանդիպման ժամանակ համաձայնութիւն ձեռք բերուած է, որ 2025 թուականի Յունուար 1-էն Հայաստան-Իրան եւ Հայաստան-Թուրքիա պետական սահմանի պահպանութեան պիտի մասնակցին նաեւ ՀՀ Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան Սահմանապահ զօրքերը, իսկ Հայաստան-Իրան պետական սահմանի հսկիչ-սահմանային կէտին վրայ ծառայութիւնը ամբողջութեամբ պիտի իրականացուի ՀՀ ԱԱԾ Սահմանապահ զօրքերու ուժերով։ Այս մասին հաղորդած է ՀՀ վարչապետի խօսնակ Նազելի Բաղդասարեանը:
Նիկոլ Փաշինեան Վլատիմիր Փութինին շնորհակալութիւն յայտնած է Հայաստանի անկախութենէն ի վեր Հայաստան-Իրան պետական սահմանի հսկիչ-սահմանային կէտին վրայ ՌԴ ԱԴԾ Սահմանապահ զօրքերու իրականացուցած ծառայութեան համար, ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Աւարտին յիշենք, որ այս տարուայ Օգոստոս 1-էն ռուս սահմանապահները դուրս եկած են Երեւանի «Զուարթնոց» օդակայանէն: