Լոռի մարզ կատարած աշխատանքային այցին ծիրէն ներս՝ Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան այցելած է Վանաձորի կարկտապաշտպան ցանցերու եւ անոնց տեղադրման համակարգերու արտադրութեան ոլորտէն ներս մասնագիտացած «ՎԱՊԱ» ընկերութիւն։ Այս մասին կը տեղեկացնեն նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն։
Տնօրէն Արմէն Ղարաջեանի ուղեկցութեամբ՝ նախագահը շրջած է գործարանին մէջ, ծանօթացած արտադրական հզօրութիւններուն, կիրառուող արհեստագիտութիւններուն ու արտադրանքին։ Նշուած է, որ գործարանը յագեցած է իտալական սարքերով, կ՝օգտագործուին իտալական բարձրակարգ հումք եւ արհեստագիտութիւններ։ Արտադրուող ցանցերը բերքը կը պաշտպանեն ոչ միայն կարկուտէն, այլեւ՝ թռչուններէն, միջատներէն, նաեւ ունին ջերմաստիճանը պահպանելու յատկութիւն։ Ներկայացնելով արտադրութեան ծաւալները, ընդլայնման ու արտահանման ուղղուած ծրագրերը՝ ընկերութեան ներկայացուցիչները միաժամանակ նշած են, որ հայաստանեան շուկային մէջ դեռ արտադրանքի իրացման խնդիր, ինչպէս նաեւ պետական օգնութեան կարիք ունին։
Շրջայցէն ետք՝ պատասխանելով լրագրողներու հարցերուն՝ նախագահ Սարգսեան ըսած է, որ գործարանի արտադրանքը պարզապէս հակակարկտային ցանց պէտք չէ դիտել, անիկա բաւական համալիր պաշտպանական նշանակութիւն ունի այգիներուն համար։
«Ասիկա ժամանակակից արհեստագիտութիւն է, որ կը կիրառուի ամբողջ աշխարհի մէջ։ Ասոնք կը պաշտպանեն ոչ միայն կարկուտէն, այլեւ կը ձեւաւորեն համապատասխան կլիմայ։ Ստեղծուած է ժամանակակից արտադրութիւն, որ կրնայ նաեւ արտադրանքը արտահանել, բայց ափսոս է Հայաստանի մէջ արտադրուած լաւ արտադրանքը չօգտագործել մեր երկրին մէջ, մանաւանդ հարաւի կողմը՝ Արարատեան դաշտէն սկսեալ, ուր այգիները պաշտպանութեան կարիք ունին»,- ըսած է նախագահը՝ աւելցնելով, որ պէտք է խրախուսել մարդոց օգտուելու մեր իսկ երկրին մէջ արտադրուած արհեստագիտական արտադրանքէն, որ իսկապէս օգտակար պիտի ըլլայ նոյնինքն գիւղացիական տնտեսութիւններու համար։ Ան, միաժամանակ, պատրաստակամութիւն յայտնած է հնարաւորինս աջակցութիւն ցուցաբերելու ընկերութեան: