ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեան Գիւմրիի մէջ կը մասնակցի Հայաստանի, Վրաստանի, Ռուսաստանի եւ Արեւելեան Եւրոպայի հայ կաթողիկէներու առաջնորդանիստ Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ օծման արարողութեան: Այս մասին կը հաղորդէ Armenpress.am-ը։
Գիւմրի ժամանած է Հռոմի Պապի ներկայացուցիչ, Արեւելեան կաթողիկէ եկեղեցիներու ժողովի նախագահ, քարտինալ Լէոնարտօ Սանտրին: Պապի ներկայացուցիչը առաջնորդանիստ եկեղեցին կ՝օծէ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարք Գրիգոր Պետրոս 20-րդի համանախագահութեամբ: Արարողութեան կը մասնակցին նաեւ Հայաստանի, Վրաստանի, Ռուսաստանի, Արեւելեան Եւրոպայի հայ կաթողիկէներու առաջնորդ Ռաֆայէլ արքեպիսկոպոս Մինասեանը, պապական նուիրակ արքեպիսկոպոս Մարեկ Սոլչինսքին, հայ կաթողիկէ եպիսկոպոսներ, վարդապետներ եւ քահանաներ, հայ կաթողիկէ համայնքներու ղեկավարներ, Անարատ Յղութեան հայ քոյրեր, Գթութեան միսիոներ քոյրեր:
Կաթոլիկ առաջնորդարանի երգչախումբի կատարումով կը հնչեն հոգեւոր երգեր. օծման նիւթերը կ՝ընթերցուին հայերէն, իտալերէն, անգլերէն: Կ՝օծուին եկեղեցւոյ սիւներու, կողմերու եւ դռներու 18 խաչերը:
Արարողութեան ներկայ են քոյր եկեղեցիներու հոգեւոր հայրեր, Հայաստանի հասարակական քաղաքական գործիչներ: