Նախագահ Սերժ Սարգսեան Ուրբաթ՝ 29 Սեպտեմբեր 2017-ին, ընդունեց Եգիպտոսի ներդրումներու-միջազգային համագործակցութեան նախարար Սահար Նասրին, որ Հայաստան կը գտնուի Տնտեսական, գիտական եւ արհեստագիտական համագործակցութեան հարցերով հայ-եգիպտական միջկառավարական միացեալ յանձնախումբի 5-րդ նիստին մասնակցելու նպատակով:
Ողջունելով հիւրը եւ նշելով, որ հայ եւ եգիպտացի ժողովուրդներուն միջեւ պատմամշակութային առնչութիւնները սկիզբ կ՛առնեն հնագոյն ժամանակներէն` հանրապետութեան նախագահը ընդգծեց, որ այդ յարաբերութիւններուն մշտապէս բնորոշ եղած են անկեղծ բարեկամութիւնն ու փոխադարձ վստահութիւնը, որոնց վրայ դիւանագիտական յարաբերութիւններուն հաստատումէն ետք կառուցուած են միջպետական սերտ յարաբերութիւններ:
Նախագահ Սերժ Սարգսեան ջերմութեամբ յիշեց Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսիի հետ ունեցած վերջին հանդիպումը եւ նախարար Սահար Նասրէն խնդրեց իր ողջոյնները յայտնել անոր:
Նախարար Սահար Նասր նշեց, որ Եգիպտոս շահագրգռուած է բարեկամ Հայաստանի հետ խորացնելու առեւտրատնտեսական յարաբերութիւնները եւ ներդրումային բնագաւառին մէջ համագործակցութիւնը` կարեւոր նկատելով նաեւ երկու երկիրներու սեփական մարզի ներկայացուցիչներուն ներգրաւումը այդ հոլովոյթին մէջ:
Նախարարը ընդգծեց, որ միջկառավարական յանձնախումբի շրջանակներուն մէջ պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է մշակելու աշխատանքային ծրագիր մը, որուն համաձայն պիտի կենսագործուին ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները: Սահար Նասր նշեց, որ Եգիպտոս վերադառնալուն պէս պիտի պատրաստէ համապատասխան զեկուցում, որ պիտի ներկայացնէ երկրի նախագահին եւ կառավարութեան: