Նախագահ Սարգսեան պատասխանած է սահմանադրութեան փոփոխութիւններու մասին լրագրողներու հարցերուն

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ` Սերժ Սարգսեան Դեկտեմբեր 2-­ի երեկոյեան ծաւալուն հարցազրոյց մը տուաւ հայաստանեան հեռուստաընկերութիւններու ներկայացուցիչներուն պատասխանելով անոնց բազմաթիւ հարցերուն, որոնք հիմնականօրէն կը վերաբերին ՀՀ Սահմանադրութեան փոփոխութիւններուն` անոնց նախաձեռնման անհրաժեշտութեան ու նպատակին, պետութեան համար այդ փոփոխութիւններու կարեւորութեան, Մայր օրէնքի բարեփոխման դէմ արտայայտուողներու փաստարկներուն ու անոնց հիմնաւորուածութեան եւ այլն:

Ինչպէս կը տեղեկացնէ ՀՀ նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութիւնը, լրագրողները նախագահէն հետաքրքրուած են նաեւ օրերս իրաւապահ մարմիններու կողմէ մայրաքաղաքին մէջ իրականացուած յատուկ գործողութեան եւ ՀՀ ԱԱԾ քննչական վարչութեան մէջ յարուցուած քրէական գործի նախաքննութեան ընթացքի մասին: