Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան մարզիկզինուորական ծառայողները միջազգային մրցաշարերու ընթացքին բազմիցս բարձր պահած են ՀՀ դրօշը, հնչեցուցած պետական օրհներգը: Տարբեր երկիրներու մրցահարթակներու վրայ հայ մարզիկզինուորական ծառայողները կը շարունակեն մետալներ նուաճել եւ յայտնուիլ բարձր հորիզոնականներու վրայ:
2015թ. Մարտ-Ապրիլին պարտադիր ժամկէտային զինուորական ծառայող հայ մարզիկները մասնակցած են Վրաստանի մէջ կայացած ծանրամարտի, Լեհաստանի մէջ` ազատ ոճի ըմբշամարտի, Քաթարի մէջ` սփորթային մարմնամարզութեան, ինչպէս նաեւ Սերպիայի մէջ կայացած սամպոյի երիտասարդներու առաջնութիւններուն` նուաճելով բազմաթիւ ոսկի, արծաթ եւ պրոնզ մետալներ:
ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան տեղեկութիւններով՝ միջազգային մեծ մարզական ձեռնարկներուն բարձր ցուցանիշ արձանագրելու, ՀՀ եւ ՀՀ ԶՈւ պատիւը բարձր պահելու համար՝ Ապրիլ 29-ին ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան հայ մարզիկ զինուորական ծառայողները խրախուսած է արժէքաւոր նուէրներով եւ ՊՆ «Վազգէն Սարգսեան» գերատեսչական մետալներով:
Շնորհաւորելով զինուորական ծառայողները բարձր ցուցանիշներ արձանագրելուն առիթով՝ ՀՀ պաշտպանական գերատեսչութեան ղեկավարը նշած է, որ հայկական զինուժը ոչ միայն առօրեայ ծառայութեան ընթացքին, առաջագծի վրայ հակառակորդի հետ անմիջական շփման պայմաններուն մէջ կրնայ ապացուցել հայոց բանակի բարձր մարտունակութիւնը, այլ նաեւ ֆիզիկական պատրաստութեան եւ սփորթի բնագաւառներուն մէջ արձանագրած յաջողութիւններով:
ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան հաւաստիացուցած է, որ ՀՀ ԶՈւ ղեկավարութիւնը այսուհետեւ եւս լուրջ ուշադրութիւն պիտի դարձնէ ֆիզիկական պատրաստութեան եւ սփորթի բնագաւառին, պիտի համագործակցի սփորթային բոլոր կառոյցներուն հետ` նպաստելով հայ մարզիկ-զինուորական ծառայողներու յաջողութիւններու բազմապատման: