Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին մէջ տեղի ունեցած է «Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկ» հիմնադրամի խորհուրդի անդրանիկ նիստը: Ըստ armenpress.am-ի՝ նիստին ներկայ հոգաբարձուներու խորհուրդի 11 անդամները միաձայն Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի հիմնադրամի նախագահի պաշտօնին համար ընտրած են Ռայմոնտ Գէորգեանը: Վլատիմիր Վարդանեան նշանակուեցաւ հոգաբարձուներու խորհուրդի քարտուղար: Նիստը վարող խորհուրդի անդամներէն ամենատարեցը` Հրանոյշ Խառատեան, ըսաւ, որ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրամանով արդէն հաստատուած է հոգաբարձուներու խորհուրդի կազմը:
Նիստին ընթացքին մրցոյթ յայտարարուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէնի պաշտօնի ընտրութեան համար: Կրթութեան եւ գիտութեան փոխնախարար Յովհաննէս Յովհաննիսեան առաջարկեց թանգարան-հիմնարկի տնօրէնի ժամանակաւոր պաշտօնակատարի պարտականութիւնները յանձնել հիմնարկի գիտքարտուղար Նարինէ Մարգարեանին: Առաջարկը խորհուրդի անդամները ընդունեցին միաձայն: