Հայաստանի, Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ 2020 թուականի Նոյեմբեր 9–ին ստորագրուած փաստաթուղթի 9–րդ կէտին յստակ գրուած է, որ ՀՀ–ը կ’երաշխաւորէ Ատրպէյճանի արեւմտեան շրջաններու եւ Նախիջեւանի միջեւ երթեւեկութեան եւ հաղորդակցութեան անվտանգութիւնը, կը կազմակերպէ քաղաքացիներու, երթեւեկութեան միջոցներու եւ բեռներու՝ երկու ուղղութիւններով անխոչընդոտ տեղաշարժը, սակայն որեւէ տեղ գրուած չէ, թէ Ռուսաստանի անվտանգութեան դաշնային ծառայութեան մարմինները պէտք է տեղին ներկայ ըլլան:
«Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ այս մասին ըսաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ԱԺ–ի մէջ կառավարութեան հետ հարց ու պատասխանի ընթացքին:
Վարչապետը մէջբերեց Նոյեմբեր 9–ի եռակողմ յայտարարութեան 9–րդ կէտի առաջին նախադասութիւնը՝ կ’ապաշրջափակուին տարածաշրջանի մէջ բոլոր տնտեսական եւ երթեւեկութեան կապերը:
«Սա նշանակում է, որ 9–րդ կէտն Ատրպէյճանի եւ Նախիջեւանի միջեւ կապ հաստատելու մասին չէ միայն, եւ առաջին հերթին դրա մասին չէ, դա ընդամէնը թեմայի մանրամասներից մէկն է: Այն տարածաշրջանի բոլոր տրանսպորտային կապերի բացման մասին է՝ օրինակ՝ Հայաստան–Ռուսաստան երկաթուղի՝ ընդ որում Մեղրիով եւ Իջեւան –Ղազախով, աֆտոտրանսպորտային ճանապարհի բացում՝ Հայաստանից Իրան՝ Նախիջեւան, Ատրպէյճանով դէպի Ռուսաստան, դէպի Ղազախստան եւ այլն: 9–րդ կետը դրա մասին է: Հայաստանից Իրան գնացող երկաթուղին Հայաստա՞նն է փակել, չի՞ թողնում աշխատի, եթէ բաց է, ասէք՝ մենք այնտեղ բեռներ ունենք տանելու»,–ըսաւ Փաշինեան:
Վարչապետը շարունակեց 9–րդ կէտէն մեջբերումը՝ Հայաստանի Հանրապետութիւնը կ’երաշխաւորէ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան արեւմտեան շրջաններու եւ Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութեան միջեւ երթեւեկութեան եւ հաղորդակցութեան անվտանգութիւնը, քաղաքացիներու, երթեւեկութեան միջոցներու եւ բեռներու՝ երկու ուղղութիւններով անխոչընդոտ տեղաշարժը կազմակերպելու նպատակով:
«Անվտանգութեան երաշխաւորը Հայաստանի Հանրապետութիւնն է: Եւ բոլոր նրանք, որ ասում են, թէ որեւէ երրորդ երկրի՝ անվտանգութիւն ապահովելու երաշխիք է վերապահուած, պէտք է ցոյց տան, թէ որտեղ է դա գրուած: Աւելին՝ երթեւեկութեան կազմակերպողը Հայաստանի Հանրապետութիւնն է: Ինչպէ՞ս կարող է ՀՀ–ն երաշխաւորի անվտանգութիւնը, եթէ ինքը չէ անվտանգութեան պատասխանատուն, ո՞նց է այդպէս հնարաւոր: Եթէ այդպէս է, ուրեմն ՀՀ–ն երաշխաւորում է աշխարհի բոլոր երկրների անվտանգութիւնը, աշխարհի խաղաղութիւնը»,–շեշտեց վարչապետը:
Ան կրկնեց մէջբերումը՝ ՀՀ–ը կ’երաշխաւորէ ու կը կազմակերպէ:
«Այստեղ չկայ որեւէ բան գրուած, որ ինչ–որ մէկը պէտք է գայ, երաշխաւորի, անվտանգութիւն ապահովի ու կազմակերպի, ամէն ինչ անում է Հայաստանի Հանրապետութիւնը: Այստեղից են բխում իրաւազօրութեան եւ սուվերենութեան մասին մեր պատկերացումները, որը մենք արտայայտել ենք «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագծում»,–աւելցուց վարչապետը:
9–րդ կէտը նաեւ կ’ըսէ, որ երթեւեկութեան հաղորդակցութեան նկատմամբ վերահսկողութիւն կ’իրականացնեն Ռուսաստանի ԱԴԾ սահմանապահ ծառայութեան մարմինները:
«Որտե՞ղ է գրուած, որ ԱԴԾ մարմինները պէտք է տեղում ներկայ լինեն: Չկայ այդպիսի բան գրուած: Եթէ նոյնիսկ նկատի է առնւում ՀՀ–ում ռուս սահմանապահների ներկայութիւնը, ապա նրանց ներկայութիւնը մեր երկրում պայմանագրային հարց է, Հայաստանի որոշման հարցն է, այսօր որոշել է, որ ներկայ են իրենք, վաղը կարող է որոշել, որ ներկայ չեն»,–ըսաւ Փաշինեան:
Ան շարունակեց մեջբերումը՝ կողմերու միջեւ համաձայնեցմամբ՝ կ’ապահովէ Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութիւն Ատրպէյճանի արեւմտեան շրջաններու հետ կապող նոր երթեւեկութեան հաղորդակցութիւններու շինարարութիւնը:
«Մենք համաձայն ենք՝ եկէք, անցէք, ո՞վ է խանգարում: Ատրպէյճանը համաձայն չէ, քանի որ ասում է, որ անվտանգութիւնը ՀՀ–ն չպէտք է ապահովի: Ո՞նց պէտք է ես չապահովեմ, որովհետեւ նախ ես եմ ստորագրել, դուք էլ էք ստորագրել, որ ՀՀ–ն պէտք է ապահովի»,–ըսաւ վարչապետը:
Ըստ վարչապետի՝ փաստաթուղթին մէջ որեւէ բան չկայ, որ ՀՀ ինքնիշխանութիւնը որեւէ կերպով կը սահմանափակէ իր որեւէ տարածքի նկատմամբ, որեւէ բան չկայ, որ ՀՀ որեւէ գործառոյթ կ’արտապատուիրակի: Ան աւելցուց՝ ժամանակին ճգնաժամային իրավիճակը հաշուի առնելով՝ ՀՀ–ը ըսած է, որ պատրաստ է նոյնիսկ արտպատուիրակման համար հայելային սկզբունքով, բայց այդ ՀՀ–եան որոշումն է՝ որպէս բարի կամքի արտայայտում:
Փաշինեանի տպաւորութեամբ՝ որոշ երկրներու պաշտօնեաներ, որոնք որոշ յայտարարութիւններով հանդէս կու գան, այդ թուղթը կամ չեն կարդացած, կամ ալ շատոնց չեն կարդացած: