«Անտարես» հրատարակչութիւնը լոյս ընծայած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի «Երկրի հակառակ կողմը» խորագրով վէպը, ուր հեղինակը նկարագրած է 2008 թուականի 1-2 մարտի ողբերգական իրադարձութիւններէն յետոյ իր ընդյատակեայ կեանքը, որու ընթացքին ան շուրջերկրեայ ճանապարհորդութիւն կատարած էր, գրելով, որ քիչեր կը սպասէին, թէ, հետախուզման մէջ գտնուելով, կը կարողանայ շուրջերկրեայ ճամփորդութիւն կատարել:
Յետագային պարզուած է, որ այդ շրջագայութիւնը երեւակայական էր, հակառակ անոր որ ՀՀ ոստիկանութիւնը, հաւանաբար, հիմնուած այդ շարքին վրայ, յայտարարած է, որ Նիկոլ Փաշինեանը հատած է Հայաստանի սահմանը: