Նիկոլ Փաշինեան. «Հիմա ամենակարեւոր շրջափուլն է, երբ Հայաստանի մէջ պէտք է ապահովենք տնտեսական յեղափոխութիւն»

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան համոզուած է` Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած յեղափոխութիւնը իմաստ չունենար, եթէ հնարաւոր չըլլայ հասնիլ նաեւ տնտեսական յեղափոխութեան: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմենփրես»-ը, ՀՀ վարչապետը այս մասին ըսած է «Ֆրանսայի ձեռնարկութիւններու շարժում» (MEDEF) կազմակերպութեան ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպման ժամանակ:   Կազմակերպութիւնը կը միավորէ Ֆրանսայի շուրջ 7200 ընկերություններ, որոնք գործունէութիւն կը ծաւալեն տարբեր ոլորտներու մէջ եւ կ՛օժանդակեն վերջիններուս դուրս գալու արտասահմանեան շուկաներ:

«Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած է ոչ բռնի թաւշեայ, ժողովրդական  յեղափոխութիւն: Եւ ես կ՛ուզեմ ըսել, որ սա ոչ միայն քաղաքական, այլ նաեւ արժէքներու յեղափոխութիւն է: Բայց նաեւ շատ կարեւոր է ընդգծել, որ մեծ հաշուով այս յեղափոխութիւնը իմաստ չունենար, եթէ մենք չկարենանք հասնիլ տնտեսական յեղափոխութեան: Եւ այդ առումով, թերեւս, հիմա մեր յեղափոխութեան ամենակարեւոր շրջափուլն է, երբ պէտք է ապահովենք տնտեսական ճեղքում Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ»,- ըսած է ՀՀ վարչապետը:

Ան  համաձայն է հնչող այն կարծիքներուն հետ, որ տնտեսական գործունէութեան համար շատ յստակ կանոններ պէտք են: «Եւ, ըստ էութեան, մենք այդ կանոնները բազմիցս յայտարարած ենք, բայց կ՛ենթադրեմ, որ տնտեսական աւանդոյթներու բերումով Հայաստանի մէջ դեռ ոչ բոլորը կը հաւատան ատոր: Վարչապետ ընտրուելէ ետք ես շատ արագ հրաւիրած եմ գործարար շրջանակները եւ ըրած հետեւեալ յայտարարութիւնը, որ ոեւէ գործարար, որեւէ գործարար շրջանակ, որեւէ ընկերութիւն, իմ ընտրուելէն սկսած, ազատուած է որեւէ կաշառակեր պարտաւորութենէն: Եւ, ըստ էութեան, մենք տնտեսական գործունէութիւն ծաւալողներու, ներդրողներու հետ մեր յարաբերութիւններուն մէջ ունինք երկու պայման եւ երկու շահագրգռուածութիւն. գործունէութիւնը պէտք է ըլլայ օրինական, օրէնքին լիարժէք համապատասխան, եւ մենք բոլորին կ’աջակցինք, որպէսզի անոնք հնարաւորինս շատ աշխատատեղեր ստեղծեն եւ, ի հարկէ, հարկեր վճարեն»,- մանրամասնեց Փաշինեան:

ՀՀ վարչապետը ընդգծեց, որ Հայաստանի կառավարութիւնը ի գիտութիւն ընդունած է գործարարութենէն եկող այն ազդակները, որ Հարկային օրէնսգիրքը չափազանց խառնիճաղանջ է ու տնտեսական գործունէութիւնը բարդացնող, որու արդիւնքով հիմա ձեռնարկած են Հարկային օրէնսգիրքի լայնածաւալ փոփոխութիւններ: «Բայց մենք կը բախինք նաեւ մէկ խնդրի հետ, որ կապուած է նախապէս գոյութիւն ունեցած քաղաքական համակարգի հետ: Որեւէ ընկերութիւն չի կրնար գործել տուեալ երկրի իրականութենէն կտրուած: Եւ մենք մեզի հաշիւ կու տանք, որ բազմաթիւ ընկերութիւններ, որոնք գործած են Հայաստանի մէջ, ստիպուած եղած են գործել այն խաղի կանոններուն եւ տրամաբանութեան ծիրէն ներս, որոնք գոյութիւն ունեցած են, մասնաւորապէս, ընդարձակ կաշառակերութիւնը եւ հովանաւորչութիւնը: Ի դէպ, ըսեմ, որ վարչապետի կարգավիճակի մէջ իմ առաջին գործողութիւններէն մէկը եղած է «Քարֆուր» այցելելը, որովհետեւ «Քարֆուր»-ը իմ վարչապետ ընտրուելու պահուն միակ հանրախանութն էր, որ կը գործէր օրէնքին համապատասխան: Եւ այդ մենութեան արդիւնքով հսկայական հանրախանութը սկսած էր փոքրանալու գործընթաց մը: Եւ ես հիմա կրնամ ըսել, որ այդ փոքրանալու գործընթացը կանգնած է եւ երաշխաւորուած է ընդլայնուելու գործընթացը, որովհետեւ բոլոր հանրախանութները կը գործեն օրէնքին համապատասխան, եւ այլ տարբերակ ուղղակի չի կրնար ըլլալ»,- նշեց ան:

ՀՀ վարչապետը նաեւ աւելցուց, որ ստիպուած եղած են եւ ստիպուած են որոշ հարցեր պարզաբանել շարք մը ընկերութիւններու հետ, որոնք ունին տարբեր ծագում` գերմանական, ռուսական, իտալական, ֆրանսական եւ այլն: «Բայց մեր գործողութիւններու նպատակը որեւէ բան աւրելը չէ, մեր գործողութիւններու նպատակն այդ ընկերութիւններուն եւ մեր համագործակցութիւնը աւելի արդիւնաւէտ, աւելի արդար դարձնելն է, այդ ընկերութիւններուն շահերը աւելի պաշտպանելն է,նաեւ` չարաշահումներէն: Երբ մենք ինչ-որ ոլորտի մէջ ունինք խնդիրներ, պէտք է հասկնանք, թէ ինչ սխալ ըրած է կառավարութիւնը, ինչ սխալ ըրած է համապատասխան գործընկերը, որովհետեւ, եթէ կան խնդիրներ, կը նշանակէ իւրաքանչիւրս ինչ-որ բան այնպէս չենք ըրած»,- ընդգծեց Նիկոլ Փաշինեան:

Փաշինեան նաեւ նշեց, որ շատ պարագաներու ընկերութիւններու եւ կառավարութիւններու միջեւ կնքուած գործարքներու մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան շահը եւ ժողովուրդի շահը ընդհանրապէս հաշուի չէ առնուած: «Եւ ասոր մէջ ես ընկերութիւններու մեղքը ընդհանրապէս չեմ տեսներ, որովհետեւ ընկերութիւնը, բնականաբար, պէտք է իր շահերէն հանդէս գայ, իսկ պետութեան շահերը պէտք է ներկայացնեն այն պաշտօնեաները, որոնք կը բանակցին այս կամ այն պայմանագրի վերաբերեալ: Բայց շարք մը պայմանագիրներ ուսումնասիրելով` մենք կը հասկնանք, որ Հայաստանի ներկայացուցիչները ոչ թէ Հայաստանի պետութեան եւ ժողովուրդի շահերէն հանդէս կու գան, այլ` անձնական, խմբակային եւ, կը ներէք, նոյնիսկ մաֆիոզ: Եւ այս իրավիճակները պարզելու համար մենք պէտք է հասկնանք այդ հարցերը, գտնենք պատասխանները, հակառակ պարագային մենք կ՛ունենանք վերնագիր առանց բովանդակութեան»,- եզրափակեց վարչապետը: