Շառլ Միշէլ կ’ողջունէ պրուքսէլեան գործընթացը վերսկսելու Պաքուի յանձնառութիւնը

Եւրոպական խորհրդի նախագահ Շառլ Միշէլ ողջունած է Ատրպէյճանի յանձնառութիւնը՝ վերսկսելու պրուքսէլեան գործընթացի շրջանակներուն եռակողմ ձեւաչափով հանդիպումները Հարաւային Կովկասի կայունութեան եւ զարգացման հասնելու համար։

«Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ այս մասին Միշէլը նշած է իր X-ի ելեկտրոնային էջին՝ Ալիեւին շնորհաւորելով նախագահ վերընտրուելու կապակցութեամբ։

Գրառման մէջ ան կարեւորած է ԵԱՀԿ Ժողովրդավարական հաստատութիւններու եւ մարդու իրաւունքներու գրասենեակի հետ Ատրպէյճանի համագործակցութեան շարունակականութիւնը։

ԵԽ նախագահը տեղեկացուցած է, որ Ալիեւի հետ բովանդակային քննարկումներ ունեցած են Հայաստան-Ատրպէյճան կարգաւորման հարցի վերաբերեալ՝ ողջունելով պրուքսէլեան եռակողմ ձեւաչափով հանդիպումները վերսկսելու անոր յանձնառութիւնը։