«Անվտանգութեան հարցերով առաջին հերթին մեր յոյսը պէտք է դնենք մեր ուժին վրայ», -վերջերս Ազգային Ժողովի մէջ լրագրողներուն ըսած է Արտաքին գործոց փոխ նախարար Շաւարշ Քոչարեան` անդրադառնալով Ռուսիոյ կողմէ Ատրպէյճանին հերթական անգամ զէնք վաճառելու մասին հարցին, կը հաղորդէ «Փանորամա»-ն:
Քոչարեան ընդգծած է, որ պէտք չէ ունենանք աւելորդ սպասելիքներ:
«Ի հարկէ, Ռուսիան մեր դաշնակիցն է, բայց աւելորդ սպասելիքներ պէտք չէ ունենալ: Ատիկա իրականութիւն է: Մեր դիրքորոշումը այդ հարցով շատ յստակ եւ պարզ է: Բազմաթիւ անգամներ ատիկա արտայայտուած է, նաեւ ամենաբարձր մակարդակով: Բայց, այնուամենայնիւ, ատիկա է իրողութիւնը: Եւ մեկնելով այդ իրողութենէն մենք պէտք է կառուցենք մեր արտաքին քաղաքականութիւնը թէ Ռուսիոյ, թէ այլ գործընկերներու նկատմամբ»,- ըսած է ան: