ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԱԳԻՐ ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆԻՆ

Պատուարժան Պրն. Նիկոլ Փաշինեան,

Վարչապետ Հայաստանի

Հանրապետութեան

Երեւան

 

Մեծարգոյ վարչապետ,

Սրտի անհուն գոհունակութեամբ կ’ողջունենք Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի պաշտօնը ստանձնելու բարեբաստիկ առիթը:

Երկար ճանապարհ անցաւ մեր երկրի Թաւշեայ յեղափոխութիւնը, որ ի վերջոյ մեր ժողովուրդին ընծայեց արդար կառավարման հնարաւորութիւնը:

Ձեր այս նոր պաշտօնավարութեամբ նոր հանգրուանի մը կը յանգի Թաւշեայ յեղափոխութիւնը՝ լաւատեսութիւն ներշնչելով Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի մեր զանգուածներուն:

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը կը հաւատայ, որ Ձեր առաջնորդութեամբ նոր հորիզոններ կը բացուին հայրենիքի եւ սփիւռքի մեր հայրենակիցներուն դիմաց՝ ստեղծելով պատմարժէք նոր հնարաւորութիւններ:

Պատերազմի վտանգին եւ շրջափակման աղէտին դիմաց գտնուող մեր հայրենիքը կարիքն ունի համայն հայութեան զօրակցութեան: Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը, իր սփիւռքեան եւ հայրենական կառոյցներով կու գայ իր անվերապահ զօրակցութիւնն ընծայելու Ձեզի եւ իր աշխարհասփիւռ անդամակցութեան անունով շնորհաւորելու Ձեզ:

Յաջողութեան սրտագին մաղթանքներով կը մնանք

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւն

               Կեդրոնական Վարչութիւն                                        Գերագոյն Մարմին