Շուէտ առաջարկած է Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան մատակարարել SAAB ընկերութեան արտադրութեան JAS-39 Gripen կործանիչներ:
Այս մասին կը հաղորդէ «Առաւօտ»-ը` վկայակոչելով REGNUM-ին: Ատիկա տեղի ունեցած է ԱՄՆ նախագահի խորհրդական Ճոն Պոլթընի հայաստանեան այցէն գրեթէ անմիջապէս ետք: Ըստ տեղեկատուութեան աղբիւրին` Հայաստանին առաջարկ եղած է գնել 8 կործանիչէ բաղկացած խմբաքանակ: Մէկ կործանիչի ենթադրեալ արժէքը կը կազմէ մօտ 55-60 միլիոն եւրօ, ի դէպ՝ հնարաւոր է օդանաւերը ձեռքբերել վարձակալութեան ձեւով:
JAS-39 Gripen-ը չորրորդ սերունդի թեթեւ միաշարժիչ կործանիչ է: Անիկա ունի 800 քմ․ մարտական շառաւիղ եւ կրնայ կրել ինչպէս բարձր ճշգրտութեամբ «օդ-մակերեւոյթ» տեսակի զէնք, այնպէս ալ «օդ-օդ» հրթիռներ` հակառակորդի կործանիչներուն դէմ մարտի համար: Այս կործանիչները կ՛առանձնանան արեւմտեան արտադրանքի համար համեմատաբար ցած արժէքով: